Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Մովսէս Յովսէփեան

Յուլիս 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Մովսէս Յովսէփեան

Բժիշկ Մովսէս Յովսէփեան ծնած է Քեսապ, 1876-ին: 1895-ի համիտեան ջարդերը ճաշակելէ ետք ան կը յաջողի հեռանալ իր ծննդավայրէն եւ կը հասնի Միացեալ Նահանգներ: Ան բժշկութիւն կ՛ուսանի «Լոնկ Այլընտ Քոլեճ Հոսփիթըլ»-ի մէջ եւ շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1905-ին: Ան կը գործէ իբրեւ բժիշկ, միաժամանակ կը հետեւի իր ծննդավայրին եւ հայկական աշխարհի անցուդարձերուն: Ան տեղեակ կ՛ըլլայ հայկական ջարդերու եւ Ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն:

1916-ին կը հրաժարի բժշկական կեանքէ եւ կը կազմակերպէ կամաւոր աշխատանքի խումբեր` երթալու իր հօրենական հողերը, օգտակար դառնալու համար իր ազգակիցներուն: 1916-ին  բժիշկ Մովսէս Յովսէփեան կը գլխաւորէ կամաւորներու խմբակ մը եւ կը հասնի Հայաստան: Ան ականատես կ՛ըլլայ հարիւր հազարաւոր անօթի, ծարաւ, անօթեւան հայ գաղթականներու վիճակին, երբ տիֆի համաճարակը մահ կը սփռէր:

Կամաւորներու խմբակը, իր գլխաւորութեամբ, մինչեւ 1918 արդիւնաւոր բժշկական խնամք-բուժում կը մատուցէ 40.000 հայ գաղթականներու: Հազարաւոր հայ գաղթականներ կը փրկուին ստոյգ մահէ: Բժիշկ Մովսէս Յովսէփեան կը դառնայ գաղթականներուն  պահապան հրեշտակը: Այս  պատճառով ան գաղթականներուն կողմէ կոչուած է «Հրեշտակ փրկիչ» եւ «Փրկիչ բժիշկ»:

Երկու տարուան կամաւոր ծառայութենէ ետք կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ եւ կը շարունակէ գործել իբրեւ բժիշկ` իր գիտութիւնը ի սպաս դնելով հայ եւ ամերիկացի հիւանդներուն:

Բժիշկ Մովսէս Յովսէփեան օգտակար կը դառնայ ամերիկահայ գաղթականներուն եւ կ՛ըլլայ անոնց հոգատար բժիշկն ու մնայուն բարեկամը:

Ան կ՛ամուսնանայ Մաքրուհի Աշճեանին հետ: Անոնք բախտաւորուած են երկու զաւակներով` Մարժորի եւ Էտկար, որ իր հօրը նման ուսանած է բժշկութիւն եւ եղած` համբաւաւոր մասնագէտ բժիշկ:

Բժիշկ Մովսէս Յովսէփեան եւ իր կինը` Մաքրուհի Յովսէփեան, հանրային գործունէութիւն եւ ծառայութիւն ունեցած են յատկապէս ՀԲԸՄ-ի ծիրին մէջ: Անոնց զաւակները հետեւած են իրենց ծնողներուն բարեսիրական ուղեգիծին: Բժիշկ Էտկար Յովսէփեան Հայաստանի մեծ երկրաշարժի օրերուն` 1988-ին, մարդասիրական մեծ օժանդակութիւն հասցուցած է աղէտեալ հայ ժողովուրդին: Անոր օժանդակութիւնը եղած է նիւթական, բարոյական եւ բժշկական:

Բժիշկ Մովսէս Յովսէփեան եղած է Նիւ Եորքի եւ Արեւելեան Ամերիկայի ղեկավար ռամկավար ազատականներէն մէկը: Իր անունով կոչուած է ՌԱԿ-ի Նիւ Եորքի ակումբը:

Ան մահացած է Նիւ Եորք, 11 դեկտեմբեր 1952-ին:

Մոնրէալ 16 ապրիլ 2023

Աղբիւրներ`

  1. Վարդիվառեան, Յակոբ, «Հայերն այսօր», 3 մարտ 2015:
  2. Վիքիփիտիա, Մովսէս Յովսէփեան:
  3. New York State Journal of Medicine. Medical Society of the State of New York. 1953.
  4. «Honoring NY-Area Early Writers and Intellectuals of the Mirror-Spectator». The Armenian Mirror-Spectator. May 14, 2011.
  5. In Memoriam: Dr. Edgar Housepian (1928-2014), RAG MAMOUL, 22 November, 2014.
Նախորդը

«88 Թ. Մտաւորականութիւնը Ժողովրդին Ոտքի Հանեց», Մովսէս Հերկելեան

Յաջորդը

Փաշինեանի Այցը Անգարա Թուրք Պաշտօնեաներու Կողմէ Կ՛օգտագործուի Սփիւռքը Խանգարելու Համար

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?