Ֆրանսան Հայաստանի մէջ նոր դեսպան ունի: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տենիս Ճորքայեֆ:
«Արտաքին հարցերով խորհրդական պարոն Օլիվիէ Տեքոթինիէն նշանակուած է 21 յուլիս 2023-էն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնը վարելու», գրած է Ճորքայեֆ: