Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը աւարտելու ժամկէտը, որ 31 յուլիս 2023-ին է, կը մօտենայ, սակայն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնն ու իրաւասութիւնները ստանձնող անձնաւորութիւն տակաւին չկայ:
Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն պաշտօնական յայտարարութիւնը, որ իրենք կը մերժեն ստանձնել այդ պաշտօնը, աւելի հրատապ կը դարձնէ այդ թղթածրարին լուծումը:
Այս շրջագիծին մէջ կարգ մը տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանդիպում մը ունեցած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ ու քննարկած Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի հարցը, սակայն կարելի չէ եղած ելքի մը պատկերացումները ունենալ:
Հետեւաբար լուծման միջոցները տակաւին կը մնան անորոշ:
Այս շրջագիծին մէջ կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնեցին նաեւ, որ ներքին լիբանանեան եւ արտաքին մակարդակներու վրայ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարուած են նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի հետ եւ անոր առաջարկած Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօն ստանձնել` նկատի ունենալով անոր անուան շուրջ գոյացած քրիստոնէական համախոհութիւնը, սակայն ան դարձեալ մերժած է ստանձնել այդ պաշտօնը:
Միւս կողմէ, ֆրանսական պետական ոչ մէկ հեղինակութիւն հրապարակած է լուր մը կամ հաղորդագրութիւն մը` հաստատելու համար, որ ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պիտի վերադառնայ Պէյրութ` կայացնելու համար երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ երկխօսութիւն մը:
Քըրնեթ Սաուտայի Ոճիրը Գործողները
Ձերբակալուած Են
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Քըրնեթ Սաուտայի մէջ Հայսամ Թաուքի ոճիրը գործողները, որոնք կը գտնուին այն 11 արգելափակեալներուն շարքին, որոնք նախորդ օրերուն ձերբակալուած էին բանակին կողմէ:
Ձերբակալուած են նաեւ այլ յանցագործներ, որոնք մեղսակցած են զինեալ բախումներուն:
Նշենք, որ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 1 յուլիս 2023-ին Պշարրէի եւ Պքաասաֆրինի բնակիչներուն միջեւ արձանագրուած են աղէտալի դէպքեր, որոնց զոհ գացած է երիտասարդ Հայսամ Թաուքը:
«Լիբանանեան բանակը միջամտած է` ապահովական միջոցառումներ որդեգրելով, սակայն ան թիրախ դարձած է կրակոցի, որուն հակադարձած է եւ ձերբակալած կարգ մը յանցագործներ: Աւելի ուշ ի յայտ եկած է, որ քաղաքացի Մալեք Ռոմանոս վիրաւորուած է ու իր ստացած վէրքերուն հետեւանքով աւելի ուշ մահացած:
Նկատի ունենալով տիրող կացութիւնը, բանակի գաղտնի սպասրակութիւնը բացած է հետաքննութիւն եւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին հետ գործակցաբար շարունակած զայն` ձերբակալելով մեծ թիւով յանցագործներ: