Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն Կալուածատէրերուն Եւ Բնակիչներուն (Պուրճ Համուտի Մէջ Ոչ Լիբանանցիներու Ներկայութիւնը Կարգաւորելու Միջոցառումներուն Վերաբերեալ)

Յուլիս 5, 2023
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան 15 մայիս 2023-ին տուած թիւ 50 որոշումին համաձայն, Պուրճ Համուտի մէջ իւրաքանչիւր կալուածատէր` բնակարանի, վաճառատան կամ գործարանի, պէտք է ներկայանար քաղաքապետարան եւ քաղաքապետութեան ներկայացնէր, թէ որո՛նք են այն ոչ լիբանանցիները, որոնք կը զբաղեցնեն իրենց կալուածները` վարձակալական համաձայնագիրով, համաձայնաբար, թէ այլ փաստաթուղթի հիման վրայ:

Նոյն որոշումը կը հաստատէր, որ թերացումի, քաղաքապետարանին չընդառաջելու կամ ճշդուած ժամկէտը անցնելու պարագային այդ կալուածատէրերը պիտի տուգանուին հետեւեալ ձեւով.

– 100 միլիոն լ. ոսկի իւրաքանչիւր բնակարանի կալուածատէրի համար, եթէ ան իր փաստաթուղթերը չէ ներկայացուցած:
– 200 միլիոն լ. ոսկի իւրաքանչիւր վաճառատան կալուածատէրի համար, եթէ ան իր փաստաթուղթերը չէ ներկայացուցած:
– 300 միլիոն լ. ոսկի իւրաքանչիւր գործարանի կալուածատէրի համար, եթէ ան իր փաստաթուղթերը չէ ներկայացուցած:

Քաղաքապետարանը յայտարարած էր նաեւ, որ տուգանքի վճարումի պարագային քաղաքապետարանը ճշդած է մէկ ամսուան ժամկէտ, իսկ իւրաքանչիւր օրուան ուշացումը 2 առ հարիւր տուրքի յաւելում կ՛ենթադրէ, ինչպէս նաեւ օրինական բոլոր միջոցառումներուն պիտի դիմուի` հասնելով մինչեւ տուեալ կալուածներուն վերաբերող ցուցանակներուն վրայ նշում կատարելը եւ դատական իշխանութեան դիմելը` քաղաքապետարանի թիւ 50/2023 որոշումը խախտելու հետեւանքով:

Սակայն նկատի ունենալով կալուածատէրերուն պահանջը` երկարաձգելու քաղաքապետարանին ճշդած ժամկէտը, որպէսզի անոնք բնակարանային, գործարանային եւ առեւտրական հաստատութիւններու վերաբերող փաստաթուղթերը կարենան ապահովել եւ զանոնք քաղաքապետարան ներկայացնել, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հաստատէ, որ իր ճշդած ժամկէտը մէկ ամիսով երկարաձգած է, այսինքն` մինչեւ 25 յուլիս 2023 առիթ տուած է իր տարածքին մէջ գտնուող քաղաքացիներուն` ներկայացնելու այդ փաստաթուղթերը:

Այս նպատակով քաղաքապետութեան աշխատանքային խմբակներէն մէկը երեքշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00 պիտի ստանձնեն քաղաքացիներուն կողմէ ներկայացուելիք բոլոր տեղեկութիւնները եւ արձանագրեն զանոնք:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը զգուշացնէ բոլորը` գործադրելու թիւ 50/2023 որոշումը` աւելցնելով, որ որոշումին չենթարկուելու պարագային քաղաքապետարանը պիտի դիմէ վերոնշեալ օրինական քայլերուն:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 5 Յուլիս 2023)

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (10 Մայիս 2025)

Մայիս 10, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (9 Մայիս 2025)

Մայիս 9, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (8 Մայիս 2025)

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?