ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Մսըրլեան ընտանիքին
եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին.
Սիրելինե՛ր,
ՀՅԴ Բիւրոն խոր վիշտով իմացաւ մահը հաւատաւոր դաշնակցական, ՀՅԴ Լիբանանի իրերայաջորդ Կեդրոնական կոմիտէներու անդամ, Պուրճ Համուտի երկարամեայ քաղաքապետ, Համազգայինի իրերայաջորդ կեդրոնական վարչութիւններու անդամ, «Արցախ Ֆոնտ»-ի վարչութիւններու անդամ, ՀՕՄ-ի մնայուն գործակից, ՀՄԸՄ-ական եւ ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական յանձնախումբերուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆ-ի:
Վարձքը կատա՛ր ընկերոջ եւ լոյս` իր հոգիին:
Վշտակցաբար`
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ հաւատաւոր դաշնակցական, Կեդրոնական կոմիտէներու երկար տարիներու անդամ եւ Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետ`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի նախկին վաստակաշատ ընկերներէն`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ ընկերներէն`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, մասնագիտացած եւ աշխարհագրական մասնաճիւղերը, յանձնախումբերը, գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Համազգայինի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու նախկին վաստակաշատ վեթերան անդամ`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ հաստատութեան երկար տարիներու խնամակալութեան ատենապետ եւ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր հաւատաւոր անդամներէն`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
«ԱՐԻ»-ի տնօրէն խորհուրդը կը գուժէ երկար տարիներու իր բաժնետէրերէն`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Աշոտ Մսըրլեան
Տէր եւ տիկին Մանուէլ եւ Յասմիկ Տիշչեքենեան
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Զեփիւռ Յովհաննէսեան եւ դուստրը` Շողեր
Տէր եւ տիկին Համբար եւ Եփրաքսի Քելեշեան եւ դուստրը` Արազ
Տէր եւ տիկին Սարգիս Տիշչեքենեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Շանթ Տիշչեքենեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ Տիշչեքենեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռոստոմ Յովհաննէսեան
Տէր եւ տիկին Ռուբէն Յովհաննէսեան
Վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան եւ տիկինը` Գայեանէ
Օրդ. Շահանդուխտ Պերթիզլեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Արմինէ Տիշչեքենեան
Տիկին Տիգրանուհի Ճելոյեան եւ դուստրը` Վալերի
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր, զարմիկին եւ հարազատին`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ի առաւօտեան:
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 5 յուլիս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յուղարկաւորութենէն առաջ ժամը 11:00-ին, եւ թաղումէն ետք մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 6 յուլիս 2023-ին, ժամը 11:00-էն 7:00, նոյն վայրին մէջ:
Ծանօթ.- Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատարել Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
«ԱՐԻ»-ի տնօրէն խորհուրդը կը գուժէ խորհուրդի նախագահ`
ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին, Քանատայի մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին վարչական անդամներէն`
ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին, Քանատայի մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդը կը գուժէ Ազգային վարժարաններու երկարամեայ ազնիւ բարերար
ԳԷՈՐԳ ԱՐԱՊԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 3 յուլիս 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը կը գուժեն քոլեճի բարերարներէն`
ԳԷՈՐԳ ՀԱՅԿ ԱՐԱՊԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 3 յուլիս 2023-ին, Այնճարի մէջ:
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն:
Գէորգ Արապեանը կը մնայ փայլուն օրինակ` հայ դպրոցի առաքելութեան նկատմամբ իր նեցուկով եւ հաւատարմութեամբ:
Կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՌԱՋ-Գ.ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Աստղիկ Գարապոյաճեան
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Լիւսիլ Քէշիշեան եւ զաւակները` Հայկ եւ Նարեկ
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Լերա Գարապոյաճեան եւ զաւակները` Լէոն, Մարք եւ Մարիա
Տէր եւ տիկին Ղազարոս եւ Արփի Խաչիկեան եւ զաւակունք
Եւ համայն Արապեան գերդաստանը (Թուրքիա, Ֆրանսա, Յունաստան եւ Արժանթին)
Կը գուժեն իրենց հարազատին`
ԳԷՈՐԳ ՀԱՅԿ ԱՐԱՊԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1931-ին)
մահը, որ պատահեցաւ յետ կարճատեւ հիւանդութեան երկուշաբթի, 3 յուլիս 2023-ին, Այնճարի իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը եւ ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ: Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 5 յուլիս 2023-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կէսօրուան ժամը 1:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Օրիորդ Ժաքլին Էրնեքեան
Օրիորդ Փոլին Թոփալեան
Տէր եւ տիկին Վրէժ Թոփալեան եւ զաւակունք
Տիկին Սահար Թոփալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Էօժենի Ռիշա եւ զաւակունք
Օրիորդ Մարլեն Մերտանեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ Մերտանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ֆարես եւ Սօսի Ռոմանոս եւ զաւակունք
Կարպոյեան եւ Էրնեքեան ընտանիքներ
Թոփալեան եւ Մերտանեան ընտանիքներ
Ռոմանոս եւ Ռիշա ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`
ՍՈՆԻԱ ԿԱՐԱՊԵՏ ԿԱՐՊՈՅԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 3 յուլիս 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 5 յուլիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ճիւնիի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախքան յուղարկաւորութիւնը` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն, նաեւ` յետ յուղարկաւորութիւնը մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
—————————————
Հովանաւորութեամբ`
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷԻՆ
Գործակցութեամբ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆԻՆ
Կազմակերպութեամբ
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ-ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ
ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԶՐՈՅՑ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ. ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ ՏԵՍԼԱԿԱՆՆԵՐ
Զեկուցողներ`
ՇԱՂԻԿ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ
Դասախօս Հայկազեան համալսարանի
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան, համալսարանի դասախօս
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետ, «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր
Զրուցավար`
ԼՈՒԹՖԻԿ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Զրոյցին հեռակայ կերպով կը մասնակցին
ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, քաղաքական հարցերու պատասխանատու
ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ.- Միջազգային օրէնքի մասնագէտ, միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան ծրագիրի տնօրէն
ԵՂԻՍԱԲԷԹ ՋՈՒԼՃԵԱՆ.- ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի մամլոյ բանբեր
ԴՈԿՏ. ՄՈՀԱՄԵՏ ՆՈՒՐԷՏՏԻՆ.- Թրքագէտ, համալսարանի դասախօս
ԴՈԿՏ. ԷԼԻ ԷԼԻԱՍ.- Ժողովրդագէտ, համալսարանի դասախօս
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 6 յուլիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ, երկրորդ յարկ:
ՀՐԱՒԷՐ