Շուէտը վճռականօրէն կը պաշտպանէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը եւ Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան համագործակցութիւնը:
Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Հայաստանի մէջ Շուէտի դեսպան Փաթրիք Սվենսոնը` մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեանի գրառումը, որ Եւրոպական Միութեան մէջ Շուէտի նախագահութեան աւարտին առիթով Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան կարեւոր պահեր նշած է:
«Շնորհակալութի՛ւն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար, որ նշած էք Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն այդ պահերը: Շուէտը վճռականօրէն կը պաշտպանէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան ու Հայաստանի հետագայ համագործակցութիւնը, ներառեալ Արեւելեան գործընկերութեան եւ ՍԵՓԱ-ի (Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիր, «Ա.») գործադրումը: Շուէտի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնումը անփոփոխ կը մնայ», նշած է Շուէտի դեսպանը:
Նշենք, որ Շուէտէն ետք Սպանիան կը ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը:


