Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նորաձեւ Համագումարներ

March 22, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին գումարուող կուսակցութիւններու համագումարներուն հետեւողները վստահաբար որոշ դիտարկումներ կատարած են արդէն: Ընտրարշաւի պաշտօնական սկիզբէն առաջ խորքին մէջ այս համագումարները ընտրարշաւային բնոյթ ունին: Յատկապէս Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) համագումարները արտակարգ տարողութիւն ստացած էին եւ իւրաքանչիւրը իր կուսակցութեան հնարաւորութիւնները ցուցադրելու առիթ սեպած էր ընտրարշաւ նախապատրաստող այդ հանդէսները:

ՀՀԿ-ի եւ ԲՀԿ-ի համագումարները կ՛առանձնացուին այդ ուղղութեամբ: Պահ մը այս երեւոյթներուն վրայ լուսարձակները փորձենք բաց պահել անմիջապէս նկատելու համար, որ համաձայնական կառավարութեան երկրորդ ուժին` ԲՀԿ-ի համագումարի ընթացքին հնչեցին քննադատական յայտարարութիւններ ուղղակիօրէն իշխանութիւններուն ուղղուած եւ այդ ճամբով անուղղակիօրէն իր համաձայնական գործընկերոջ` ՀՀԿ-ի հասցէին: Անշուշտ, անկախ այն իրողութենէն, որ ԲՀԿ-ն իշխանաւոր կուսակցութիւն նկատուելու բոլոր պատճառները ունի, որովհետեւ թէ՛ կառավարական տարբեր ոլորտներու եւ թէ՛ օրէնսդիր դաշտին մէջ նկատառելիօրէն ներգրաւուած է եւ ներգրաւուածութեան դիրքերուն երկրորդ հորիզոնականը կը գրաւէ:

ՀՀԿ-ի համագումարին ընթացքին հանրապետութեան եւ կուսակցութեան նախագահին խօսքին հետեւողը նոյնպէս նկատեց, որ երկրին եւ պետութեան զարգացման խոչընդոտող երեւոյթներուն սուր եւ ուղղակի կերպով անդրադարձաւ նախագահը, յայտնապէս ինքնաքննադատութեան կարգով` անշուշտ պատասխանելով նաեւ գործող իշխանութիւններուն հասցէին հնչած քննադատութիւններուն: Մամլոյ որոշ ներկայացուցիչներ նկատեցին նոյնիսկ, որ նախագահին խօսքը իշխանութեան խօսք ըլլալէն աւելի կը յիշեցնէր ընդդիմադիրի խօսքը:

Այստեղ ուրեմն, համաձայնական կառավարութեան երկու գլխաւոր ուժերը ունին հասարակաց երկու իրողութիւն: Նախ, համագումարներուն տրուած տարողութիւնը` եւրոպական, ռուսական, չինական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութիւն, շեշտուած ցուցադրական բաժիններ եւ ապա երկիրն ու պետութիւնը յուզող խնդիրներու քննադատական անդրադարձներ:

Ի հարկէ այս երեւոյթները որքան համածրագրաւորուած տեսութեամբ, նոյնքան մրցակցային իրավիճակներով կարելի է մեկնաբանել: Եւ այն ալ սուր մրցակցային տրամադրուածութիւններով, իրար գերազանցելու ձգտումներով: Այս ուղղութեամբ մտածողութիւնը կարելի էր աւելի զարգացնել, եթէ որոշ երեւոյթներ հարցման նշաններ չյառաջացնէին` առնուազն յստակացում պահանջելու կարգով:

Մինչ այդ պէտք է վերյիշել, որ կայ պայմանաւորուածութիւն համաձայնական կառավարական ուժերուն միջեւ` խորհրդարանական ընտրութիւններուն առանձին ցուցակներով ներկայանալով հանդերձ, քաղաքակիրթ մրցակցային պատկերը պահելու: Մերթ ընդ մերթ յղումներ կը կատարուին նաեւ նախկին յուշագիրին, ուր համաձայնական ուժերը որոշած էին յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն պաշտպանելու գործող նախագահը:

Ուրեմն. երկու լրատուութիւն ուշադրութիւն կը գրաւէ եւ մտածել կու տայ առաջադրուած կացութեան ապահովման համար իրականացուող ճիգերուն մասին: Առաջինը կը խօսի ընտրատեղամասի մը մասին, ուր մեծամասնական կարգով առաջադրուած են ՀՀԿ-ի թեկնածուն եւ անկուսակցական թեկնածու մը, որ կը վայելէ… ՀՀԿ-ի զօրակցութիւնը: ՀՀԿ-ն այսպիսով կը ստեղծէ մրցակցային սուր մթնոլորտ, որուն արդիւնքը յամենայն դէպս նոյն նպատակին կը ծառայէ:

Պարզ է, որ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած ԲՀԿ-ի ղեկավարը շատ հանգիստ կը վերընտրուի պատգամաւոր: Նոյն ընտրատեղամասին մէջ առաջադրուած անկուսակցական գործարարի մը թեկնածու գրանցումը ժողովրդավարական  խաղը յարգելու համազօր արարք է, միաթեկնածութիւն կամ առ ի չգոյէ այլ թեկնածուի ընտրութիւն չյաջողցնելու համար առնուած քայլ:

Երկու երեւոյթները մտածել կու տան, որ ժողովրդավարական համապատկերի մը ցուցադրութեան քաղաքականութիւնն է, որ կը փորձուի իրականացուիլ: Արտակարգ տարողութեամբ ցուցադրական համագումարները, այնտեղ հրաւիրուած եւրոպական, ռուսական, չինական կարեւոր ուժերու ներկայացուցիչները, քննադատական մօտեցումները, միակարծութենէ եւ միատեսակութենէ դուրս գալու փորձերը մտածել կու տան, որ առնուազն ցուցական հարթութեան վրայ ժողովրդավարացման քայլեր առնելու փորձեր կը կատարուին իշխող ուժերուն կողմէ:

Այս բոլորը, իրենց կարգին, կը վերյիշեցնեն Հայաստանի ընտրական մշակոյթին մէջ որակական յեղափոխութիւն ապահովելու իշխանութիւններուն խոստումները: Մինչ այժմ փոխուած կ՛երեւին մինչեւ ընտրութիւնները նախապատրաստող համագումարներու բովանդակութիւնը, կազմակերպման եւ ցուցականութեան տարողութիւնները:  Մնացեալը` մայիսին կը յստականայ:

 «Ա.»

Նախորդը

Օրինակելի Երեւոյթ Մը

Յաջորդը

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Կրօնական Ազատութիւններու Միջազգային Յանձնախումբին Թուրքիոյ Մէջ Կրօնական Փոքրամասնութիւններու Վրայ Ճնշումները Աւելցած Են

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։