ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ
ՕԾՄԱՆ 28-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ պիտի կատարուի Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետին`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍի
Ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով
Ս. պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր` դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած, ապա վեհափառ հայրապետը պիտի ընդունի շնորհաւորութիւններ:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի իրենց աղօթքներով մասնակից դառնան Ս. պատարագի մատուցման եւ հայցեն Ամենակալէն, որ նորանոր իրագործումներով եւ յաջողութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն պարգեւէ մեր սիրելի հայրապետին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՆԱՐԻՆԷ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆի յիշատակի պաշտամունք պիտի կատարուի կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:
ՎԵՐԹԱՀԻՄ ԱՒԱԳԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
PÈRE SAHAK KÉCHICHIAN
LE CONSOLÉ CONSOLATEUR
PÈRE RAFFI OHANESSIAN
Beyrouth 2023
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Վարպետ ադամանդաշար մը եւ վարպետ ոսկերիչ (սէտէքեր) մը, նաեւ ոսկի փայլեցնող մը: Դիմել` հեռ. 03-207772 կամ 01-266514 թիւերուն: