Ազրպէյճանական մարտական դիրքերէ 25 յունիսի ժամը 16:00-ի սահմաններուն մէջ հրաձգային տարբեր զինատեսակներով կրակած են Արցախի Մարտունիի շրջանի Միւրիշէն գիւղի 22-ամեայ բնակիչ Միքայէլ Մեժլումեանի ուղղութեամբ, որ Միւրիշէնէն Աւդուռ տանող ճանապարհի ձախակողմեան հատուածի դաշտին մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կ՛իրականացնէր:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն, կրակոցներուն հետեւանքով դադրեցուած են գիւղատնտեսական աշխատանքները, ոչ ոք տուժած է: Հաղորդումը փոխանցուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:


