Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի («Ազդակ»-ի խմբագրութեան ճամբով Պրն․ Երուանդ Փամպուքեանին)

June 24, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարգարժան պրն. Փամպուքեան,

Երախտագիտութեամբ եւ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ, Նարեկ սրբազանին միջոցաւ, ստա­ցայ նուաստիս` Ձեր մակագրած «ՀՅ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան» արժէ­քաւոր հատորը։ Առկան եզակի գործ մըն է, արդիւնք՝ երկար տարիներու հետեւողական հետա­զօտութեան։ Ծածկանուններ, որոնք սուլթանական բռնատիրութեան դէմ արիւնահեղ պայ­քարի երկար տարիներու ընթացքին դարձած են հայոց անմահանուն հերոսներէն շատերուն ինքնու­թիւնը։

Արդարեւ, այսօր ո՞վ պիտի ճանչնար Արամ Մանուկեանը` աւազանի Սարգիս Յովհան­նիսեան, իսկ Ռոստոմը՝ Ստեփան Զօրեան, Սիմոն Վրացեանը՝ Գռուզեան կամ Գրուզինեան, Կարօ Սա­սունին՝ Կարապետ Ղազարեան, Արշակ Վռամեանը՝ Օննիկ Դերձակեան, իսկ Ռուբէն Դար­բինեանը՝ Արտաշէս Չիլինգարեան անուններով։ Քրիստոնէական մշակութային ժառան­գու­թեան հետեւելով կը սիրենք ըսել,– ինչպէս քիչ առաջ գործածեցի,– «աւազանի անուն» հաս­կա­ցութիւնը։ Այսինքն այն անունը, զոր երեխայ մը ջուրի մկրտութեան արարողութեամբ կը ստանայ։ Սակայն մեր յեղափոխական գործիչներուն համար գոյութիւն ունեցած են նաեւ «ար­եան մկրտութեան» ծածկանուններ, որոնք մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ նոյնքան եւ աւելի նուիրագործուած են, քան անոնց իսկական անուն- ազգանունները, եւ որոնք Դո՛ւք, ահաւասիկ, «ՀՅ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան»-ով կը պարզէք հան­րու­թեան։

Այսպէս, Դուք նախաձեռնողն ու իրականացնողը եղաք կարեւոր աշխատասիրութեան մը՝ ուղե­ցոյց տալով մեր ազգային-յեղափոխական միւս կուսակցութեանց պատմութիւնը ուսում­նասի­րողներուն, որ թերեւս անոնցմէ մին կամ միւսը պատրաստակամութիւնը ցուցաբերէ ձեռ­նար­կելու նմանատիպ աշխատասիրութեան մը։ Հետաքրքրականը այն է, որ այդ ժամանակա­շրջա­նին մեր յեղափոխական գործիչներուն մեծամասնութիւնը ունեցած է ծածկանուն մը կամ մէկէ աւելի ծածկանուններ։ Հնչակեան կուսակցութեան պատմութիւնը ուսումնասիրելու առ­թիւ անդրադարձած եմ, որ ինչքան պատասխանատու գործ մըն է ճշդել յեղափոխականի մը ծած­կանունը, երբ նոյն անձը տարբեր վայրերու մէջ կը յայտնուի այլ ծածկանունով կամ իր աւազանի իսկական անունով։ Կայ այլ պարագայ մը եւս, երբ յեղափոխական գործիչի մը ծած­կանուններէն մին կամ միւսը կը շփոթուի իր իսկական անունով։ Այսպէս օրինակ՝ որոշ ուսում­նասիրողներ կարծած են, թէ Նշան Կարապետեան ծածկանունը եղած է Ռուբէն Խան-Ազատի իսկական անու­նը, մինչդեռ երկրորդն է իսկականը, իսկ առաջինը եղած է կեղծանուն մը։

Արժէքաւոր հատորը առաւել եւս նշանակալից դարձած է համալրուելով «Տեղանուն-ծածկանուն» եւ «Թուանշանային ծածկագրեր»-ու առանձին բաժիններով, որոնք լոյս կը սփռեն հայ ազատագրական պատմութեան մէջ մեզի աղօտ մնացած վայրերուն վրայ։ Ինչպէ՞ս կարելի էր անդրադառնալ, թէ «Փարիզ» ծածկանուն մը եղած է Ջրաբերդ-Կարս Շարայի շրջանը գտնուող գիւղի մը։ Արդարեւ առկայ բառարանը, բառին բուն իմաստով, անփոխարինելի ուղե­ցոյց մըն է ազգիս ազատագրական պայքարի պատմութիւնը բոլոր ուսումնասիրողներուն եւ ընդհանրա­պէս հայ ընթերցասէր հասարակութեան համար։

Ձեր վարձքը կատա՛ր եւ վաստա՛կը արդար, սիրելի՛ պրն. Փամպուքեան։ Կը խոնարհիմ յիշատակին առջեւ բոլոր հայ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին ազգին ազատագրու­թեան համար։ Բայց կը խոնարհիմ նաեւ անոնց առջեւ, որոնք այդ հերոսները կը յաւերժացնեն՝ ուսում­նասիրելով անոնց պատմութիւնը երկար տարիներու անձնդիր աշխատանքով եւ իրենց կեանքի թանկագին ժամանակը անոնց տրամադրելու նուիրումով։ Հերոսները միայն անոնք չեն, որոնք ինկան, այլ նաեւ անոնք, որոնք սերունդներու մէջ գիտակցութիւն կը կերտեն՝ փո­խանցելով անոնց աւանդը։

Արեւշատ երկար տարիներու եւ քաջառողջութեան սրտաբուխ մաղթանքով՝

Տ. Աբէլ Մանուկեան

Ժընեւ, 22 Յունիս 2023

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 115

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 24 Յունիս 2023)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.