Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Պաքուն պատրաստ է ամէն ինչ ընելու «Ղարաբաղի շրջանին մէջ բնակող ծագումով հայերը» իր քաղաքական, իրաւական եւ ընկերա-տնտեսական շրջանակներուն մէջ համարկելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կ՛ըսուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ:
«Ազրպէյճանի սահմանադրութիւնն ու օրէնսդրութիւնը եւ մեր կողմէ ընդունուած միջազգային փաստաթուղթերը ատոր հասնելու ամուր հիմք կ՛ապահովեն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:


