Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մեկնաբանած է ռուսական լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած այն տեղեկութիւնը, թէ Ուաշինկթըն Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն կը ստիպէ երրորդ երկրի մէջ հանդիպիլ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ, իսկ մերժման պարագային կը սպառնայ ազրպէյճանական հակաահաբեկչական գործողութեան իրականացումով:
Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է, որ ծանօթացած է այդ հրապարակումներուն, իսկ այսօր այդ նիւթը արդէն զարգացած է:
«Մենք իրօք մտահոգ ենք: Եթէ այդ փաստերը իսկապէս հաստատուին, իսկ ես կը կարծեմ, որ ամերիկեան կողմը ուղղակի պարտաւոր է մեկնաբանել զանոնք, ապա անգամ մը եւս անոնք պիտի ձախողեցնեն միջնորդի իրենց կոչումը: Միջնորդը ան է, որ կը փորձէ լուծումին մէջ ներդաշնակութիւն բերել, որ կը փորձէ հաշտեցնել կողմերը, գտնել հասարակաց կէտեր:
«Նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը տեսնեմ տեղեկութիւն այն մասին, թէ միջնորդի դերին յաւակնող երկիրը ուժի կիրարումով կը սպառնայ լուծման հոլովոյթի մասնակիցին` իր միջնորդական դերի իրագործման համար: Այսինքն` ուժով, շանթաժի սպառնալիքով կը ստիպեն նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ կամ մասնակցիլ որոշ համախմբումներու, որոնք միջնորդները իրենք իրենց միտքին մէջ յօրինած են: Կը կարծեմ` հիմա պէտք է խօսքը տալ Միացեալ Նահանգներուն, որպէսզի անոնք կա՛մ հերքեն այդ տեղեկութիւնը, կա՛մ ալ բացատրեն, թէ ի՛նչ նկատի ունին: Իսկ ընդհանուր առմամբ, այս տեղեկութիւնը ցնցիչ է», ըսած է Զախարովա:
Ուաշինկթընի մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն կը ստիպէ երրորդ երկրի մէջ հանդիպիլ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ, իսկ մերժման պարագային կը սպառնայ ազրպէյճանական հակաահաբեկչական գործողութեան իրականացումով:
«Ուաշինկթըն վերջնագրային ձեւով Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն կը ստիպէ համաձայնիլ յառաջիկային «երրորդ երկրի մէջ» ազրպէյճանական կողմի հետ հանդիպումին` ամերիկացի համակարգողի մասնակցութեամբ: Նպատակը Միացեալ Նահանգները շրջան մտցնելն է», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը:
«Աւելի՛ն, եթէ Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը հրաժարի նման հաղորդակցութենէ, անոր կը սպառնան շրջանին մէջ ազրպէյճանական հակաահաբեկչական գործողութեամբ», բացատրած է աղբիւրը:
Գործակալութեան զրուցակիցին համաձայն, ամերիկեան «խաղաղարար նախաձեռնութեան» «լոպիինկով կը զբաղուի» Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեան:
«Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա» օրաթերթը իր կարգին կը գրէ, որ վստահելի աղբիւրներէ ստացած տեղեկութեան համաձայն, ամերիկացիները այլեւս չեն սահմանափակուիր Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ միջնորդութեամբ, այլ նաեւ որոշած են ուղղակիօրէն մտնել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան մէջ:


