Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոչ Մէկ Երկիր Հայաստանի Եւ Իր Դրացիին Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Հասնելու Համար Այնքան Կ՛աշխատի, Որքան Մերը» Կ՛ըսէ Քոլոնա

June 15, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ոչ մէկ երկիր Հայաստանի եւ իր դրացիին միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու համար այնքան կ՛աշխատի, որքան մերը: Այս մասին Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա: Օրէնսդիրներէն մէկը անոր ուղղած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի` արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր շարունակուող շրջափակման վերաբերեալ հարցում մը` կոչ ուղղելով գործելու եւ քայլերու ձեռնարկելու ընդդէմ Պաքուի:

«Մենք Հայաստանի կողքին ենք` դէպի արդար խաղաղութիւն շարժելու ճամբուն վրայ: Ֆրանսան ատիկա անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, երբ հանրապետութեան նախագահը 1 յունիսին Քիշնեւի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` վարչապետ Շոլցի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի ներկայութեամբ: 21 յուլիսին, Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ նոր հանդիպում: Մենք կ՛ողջունենք նաեւ մեր ամերիկացի գործընկերներուն միջնորդական ջանքերը, որոնց հետ սերտ համակարգման մէջ ենք:

«Մենք նաեւ Հայաստանի կողքին ենք, երբ խօսքը կը վերաբերի այդտեղ լարուածութեան թուլացման: Մենք ատիկա ցոյց տուինք, երբ ապրիլի վերջաւորութեան, երկու ղեկավարները խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման խրախուսելու նպատակով ես այցելեցի Հայաստան եւ Ազրպէյճան, ներառեալ սահմանը` Եւրոպական Միութեան հսկողութեան մարմինի առաքելութեան հետ, որ իր գոյութեան համար մեծ մասամբ պարտական է մեր երկրին, եւ անիկա շատ օգտակար դեր կը խաղայ լարուածութիւնը թուլացնելու գործին մէջ:

«Ի վերջոյ, մենք Հայաստանի կողքին ենք` անոր տրամադրելու մարդասիրական օգնութիւն: Աւելի՛ն, այդ հարցը արծարծուած է Քիշնեւի վեհաժողովին մէջ, ինչպէս, ի հարկէ, Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքները: Փակումը անօրինական է, ինչպէս նշած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, որ անցեալ տարուան 22 փետրուարին, Ազրպէյճանին պարտաւորեցուցած էր զայն դադրեցնել: Մենք Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք կատարելու այս որոշումը: Կը տեսնէք` մենք Հայաստանի եւ հայերուն կողքին ենք», ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը, ինչին ի պատասխան օրէնսդիրները ծափահարած են:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Հայաստանի Մէջ Բացասական Տրամադրութիւններ Կան Փաշինեանի Դէմ, Սակայն Ան Մինչեւ Այսօր Ոչ Մէկ Ետքայլ Կատարած Է»

Յաջորդը

Միլըր. «Ուաշինկթընի Մէջ Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հանդիպումը Յետաձգուեցաւ Ժամանակացոյցի Առնչուած Խնդիրներու Պատճառով, Անհամբեր Կը Սպասենք Նոր Բանակցութիւններ Հիւրընկալելուն»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.