Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ

Յունիս 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբթուան ընթացքին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ երեք ներկայացումներով ելոյթ ունեցաւ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը, որ Լիբանան կը գտնուէր հրաւէրով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան: Արդարեւ, չորեքշաբթի, 7 յունիսին ներկայացուեցաւ «Տունը սահմանին», հինգշաբթի 8 յունիսին` «Փարիզը վտանգաւոր քաղաք է», որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նիւթով, խաղարկութեան ոճով եւ մարմնաւորած խորհուրդով տպաւորեց երկու օրերուն ալ սրահը լեցուցած լիբանանահայերը, իսկ ուրբաթ 9 եւ շաբաթ 10 յունիսին մանուկները իրենց շուրջ համախմբեցին «Քեռի քուչին, Թոմ էնտ Ճերին եւ միւսները» մանկապատանեկան ներկայացումները:

Հանդիպում-հիւրասիրութիւն

Խումբին Լիբանան գտնուելու ծիրին մէջ, հրաւէրով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 8 յունիս 2023-ի երեկոյեան «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հիւրասիրութիւն` ի պատիւ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատերախումբին:

Շրջանային վարչութեան անունով Նանօր Գոչունեան-Թաշճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յատկապէս Գիւմրիի թատերախումբի անդամներուն` հաստատելով, որ անոնք իրենց ներկայացումներով փաստեցին, որ մեր մշակոյթը կը գտնուի բարձր մակարդակներու վրայ եւ դրուած է ամուր հիմքերու վրայ: Ան ըսաւ, որ անոնք արժանի են ամենայն գնահատանքի եւ գուրգուրանքի: Նանօր Գոչունեան-Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց գործակցութեան համար եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին գործընկեր ըլլալնուն համար, որովհետեւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ծիրին մէջ Համազգայինը` իբրեւ մշակոյթի թափ տուող միութիւն, իր համաշխարհային ցանցով պէտք է նախաձեռնէ նման ներկայացումներ, որպէսզի սփիւռքահայութիւնը եւս ծանօթանայ ու առիթը ունենայ վայելելու եւ հաղորդուելու ազգային պատգամներով: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, որոնց անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ իրականացան այս ներկայացումները, աւելցնելով, որ յատկապէս այս տագնապալի օրերուն իրենց յանդգնութիւնը եւ համարձակութիւնը նախաձեռնելու նման ներկայացումներ` շատ գնահատելի է:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց դերասաններուն: Ան դիտել տուաւ, որ անոնք իրենց ներկայացումներով մեզի բերին թէ՛ վիշտ, թէ՛ խնդութիւն, նման` մեր կեանքին: Ան շեշտեց, որ այս մշակութային համագործակցութիւնը մշտապէս կարեւորուած է Համազգայինի կողմէ, միշտ կայ եւ միշտ պիտի ըլլայ: Քէշիշեան գոհունակութեամբ յայտնեց, որ  քանի մը ամիս առաջ Համազգայինը իր կառոյցը եւ գրասենեակը ունեցաւ նաեւ Գիւմրիի մէջ, որ կը փաստէ, առաւել եւս գործակցութեան հաստատելով, Գիւմրին մեր մշակոյթի գլխաւոր օրրաններէն մէկն է: Ան ըսաւ, որ Գիւմրին խորհրդանիշ է վերածնունդի, եթէ աւերակներէն ապրեցաւ, եւ ներկայիս բարձրագոյն արուեստով թատերախումբը կը գտնուի Լիբանանի մէջ, կը նշանակէ, թէ մեր ազգին վիճակը այդքան ալ վատ չէ, պէտք չէ յուսահատիլ, պէտք է շարունակել կեանքը եւ պայքարը: Քէշիշեան գնահատական խօսք ուղղեց Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին, յատկապէս` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, որ գլխաւոր սիւներէն մէկն է լիբանանահայ թատրոնին, յայտնելով իր սէրն ու յարգանքը:

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն գործակցութեան համար` հաստատելով, որ մենք անպայման ժողովուրդը դէպի մշակոյթ եւ արուեստ պիտի առաջնորդենք` առանց յուսահատելու: Ան հաստատեց, որ մեր ժողովուրդին մէջ մշակութային գիտակցութիւնն ու իմաստութիւնը մատուցելու եւ հայապէս կազմաւորուելու հիմնական առաքելութիւնը կը մնայ մերը, աւելցնելով, որ այս մշակութային միութիւնը այդ նպատակով հիմնուած է, եւ բոլոր անոնք, որոնք այս գործին նուիրուած են, այս առաքելութեամբ կը շարունակեն իրենց գործը:

Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատերախումբի դերասան Տիգրան Գաբոյեան յայտնեց, որ Գիւմրին խորհրդանշական քաղաք է, շեշտելով, որ Գիւմրին եւ գիւմրիցիները երբեք չեն կոտրուիր, անոնց մէջ ուժ մը կայ, որ պէտք է մեր ժողովուրդին  փոխանցուի: Ան յայտնեց, որ գիւմրիցին ունի հաւատք` Աստուծոյ եւ իր ուժերուն հանդէպ, մաղթելով, որ այդ ուժը փոխանցուի մեզի, որ` ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ: Ան շեշտեց, որ միասնութիւնը եւ իրարու հանդէպ սէր ունենալը կը յաղթահարէ ամէն բան: Գաբոյեան հաստատեց, որ սոյն նախաձեռնութիւնը «խենթութիւն» էր` նման դժուար ժամանակներուն, նկատել տալով, թէ այս մէկը կը փաստէ, որ եթէ մենք ազգովին ուզենք ամէնէն նեղ ժամանակներու մէջ իսկ կրնանք յաղթել եւ աւելի լոյսին երթալ: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինին եւ յատկապէս «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, որ մեծ աշխատանք տարաւ սոյն ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու համար:

Համազգայինի մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ ոչ թէ «Փարիզը վտանգաւոր քաղաք է», այլ աշխարհը այսօր վտանգաւոր դարձած է, եւ այդ վտանգը մենք ամէն օր կ՛ապրինք, որովհետեւ ազգերու արժէքային համակարգը ամբողջութեամբ օրէ օր նահանջ կ՛արձանագրէ: Ան դերասաններուն ըսաւ, որ իրենց կատարած գործին մասին կարիքը չունին յաւելեալ գովասանքի, ներբողի, աւելցնելով, թէ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, այնքան կարեւոր է, որքան` հայրենի հողի, հայրենի արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը, որովհետեւ եթէ մեր այս մշակութային արտայայտութիւնները չըլլան, մենք մնացեալը շատ դիւրութեամբ վաճառքի կրնանք հանել: Ան ըսաւ, որ թատրոնը մարդու հայելին է իր բազմատեսակ հասկացողութիւններով` աւելցնելով, որ մարդ արարածը կ՛ապրի թատրոնին հետ, սակայն այդ ապրումը երբ նման բարձրորակ ներկայացումով տեղի կ՛ունենայ, բնական է, որ ինք աւելիով յագեցած կ՛ըլլայ: Շարունակելով իր խօսքը` Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ կան մշակութային ձեռնարկներ, որոնց մարդ ներկայ կ՛ըլլայ քաջալերելու համար, կան նաեւ մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնց մարդ ներկայ կ՛ըլլայ, որպէսզի քիչ մը աւելի հարստանայ, հայանայ եւ իր արմատներուն հետ իր առնչակցութիւնը հանդէս գայ: Ան գնահատեց դերասաններուն կատարած գործը, որ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար է, վստահեցնելով, որ անոնք իրենց կատարած գործին մէջ կը ստանան իրենց վարձատրութիւնը եւ մաղթեց, որ իրենց գործը դառնայ միշտ օգտաշատ եւ նորանոր նուաճումներով հարստացնեն մեզ:

Տիգրան Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Գիւմրիի թատրոնին նախկին տնօրէններէն Արմէն Արմէնեան, որ թատրոնի վերածաղկումին եւ վերակազմաւորման գլխաւոր ճարտարապետներէն մէկը եղած է, եւ Գասպար Իփէկեանը հարազատ եղբայրներ են, աւելցնելով, որ այս երկու թատրոններուն միջեւ ոչ միայն բարեկամութիւն կայ, այլեւ` արիւնակցական կապ գոյութիւն ունի: Ճինպաշեան բացատրեց, որ Արմէն Արմէնեան իր անունը փոխած է հասկնալի պատճառներով: Ան մնացած է Հայաստանի մէջ եւ չէ ուզած, որ իր անունը առնչուի Գասպար Իփէկեանին, որ այստեղ Դաշնակցութեան ղեկավարներէն մէկն էր:

Հեռաձայնային կապով ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց Գիւմրիի գրասենեակի տնօրէն Արա Նախշքարեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց երկու թատերախումբերու համագործակցութեան համար` շեշտելով, որ պատրաստ է այդ մէկը աւելի ամրացնելու եւ աւելի կայուն հիմքերու վրայ դնելու: Ան հաստատեց Գիւմրիի թատրոնի պատրաստակամութիւնը` գործակցելու մշակութային մարզին մէջ եւ յոյս յայտնեց փոխադարձ այցելութեան:

Հանդիպում-հիւրասիրութեան ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչներէն Արմէն Ճէնտէրէճեան` ջութակ, Գէորգ Քէշիշեան` տուտուկ, Կարօ Աւեսեան` դաշնակ:

Նախորդը

Գառնիկ Բանեանի Եւ Հալիտէ Էտիպի Յուշերէն` Այնթուրայի Որբանոցին Մասին

Յաջորդը

Բազկամարտ. Արման Մրտէեան Երկու Օրուան Մէջ 2 Ոսկի Մետալի Տիրացաւ

RelatedPosts

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած  Քսան  Կախաղաններուն
Անդրադարձ

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած Քսան Կախաղաններուն

Յունիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. Տրամաբանութիւն Մի՛ Փնտռէք

Յունիս 14, 2025
«Մշակուած Են Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերուն Նպաստաւոր Պայմաններ Եւ Անոնց Աշխատանքը Դիւրացնող Ու Յաւելեալ Շահեր Ապահովող Նոր Դրութիւններ»   Շեշտեց Նազարէթ Սապունճեան
Անդրադարձ

Նազարէթ Սապունճեանի Դամբանական

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?