Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Քորէան Լիակատար Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Ռուսիոյ

Յունիս 13, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Քորէան իր լիակատար աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը կը յայտնէ կայսերապաշտներու դէմ իր գերիշխանութիւնն ու ապագան պաշտպանող Ռուսիոյ ժողովուրդին եւ բարգաւաճում ու յաղթանակ կը մաղթէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Ռուսիոյ օրուան առիթով Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յղած շնորհաւորական հեռագիրին մէջ:

«Ընկեր Քիմ Եոնկ Ըն ընդգծած է, որ այսօր ռուս ժողովուրդի պայքարը աճող սպառնալիքի եւ թշնամական ուժերու դէմ, որոնք կը փորձեն խաթարել երկրին գերիշխանութիւնը, անվտանգութիւնը եւ խաղաղ կեանքը, կը մտնէ նոր վճռորոշ փուլ: Ընկեր Քիմ Եոնկ Ըն նշած է, որ մեր ժողովուրդը իր ամբողջական աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը կը յայտնէ Ռուսիոյ ժողովուրդին, որ կը ձգտի իրականացնել Ռուսիոյ գերիշխան իրաւունքներու եւ զարգացման շահերու պաշտպանութեան սուրբ գործը` ընդդէմ կայսերապաշտներու կամայականութեան», յայտնած է Քորէայի կեդրոնական հեռագրական գործակալութիւնը:

«Արդարութիւնը միշտ պիտի յաղթէ, իսկ ռուս ժողովուրդը պիտի շարունակէ փառաբանել յաղթանակներու պատմութիւնը», աւելցուցած է Քիմ Եոնկ Ըն:

Ան նաեւ նշած է, որ Հիւսիսային Քորէայի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը երկու երկիրներուն համար «արժէքաւոր ռազմավարական արժէք» դարձած է: Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին համաձայն, ինք պատրաստ է առաւել եւս ամրապնդելու Փիոնկիանկի ու Մոսկուայի միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւնները եւ ռազմավարական համագործակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Իտալիոյ Նախկին Վարչապետ Պերլուսքոնի Մահացաւ

Յաջորդը

ՕԹԱՆ Սկսած Է Դաշինքի Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Օդային Ռազմափորձերուն

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?