Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ հեռաձայնային բանակցութիւններու ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական տարակարծութիւններու կարգաւորման շրջագծային համաձայնութիւն գոյացած է:
Չինական պետական «Սի.Սի.Թի.Վի.»-ն հաղորդեց, թէ Ուանկ Եի նշած է, որ երկու կողմերը Քուալամփուրի մէջ տնտեսական եւ առեւտրական բանակցութիւններու հետ առեւտրական տարակարծութիւններու կարգաւորման շրջագծային համաձայնութեան գոյացման հասած են` աւելցնելով, որ երկու երկիրներու բանագնացները հինգշաբթի օր երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ նախատեսուած ժողովէն առաջ կ՛աշխատին վերջին դասաւորումները կատարելու համաձայնութեան մանրամասնութիւններուն վրայ, որոնք կը ներառեն մաքսատուրքերը եւ այլ նուրբ առեւտրական խնդիրներ:
Նախքան այդ, Ուանկ Եի յայտնեց, որ «բազմաբեւեռ աշխարհ» գոյացած է` կոչ ուղղելով «վերջ տալու առեւտրական պատերազմներուն»:


