Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի օրէնքներուն համաձայն, այն կազմերը, որոնք գրաւած էին դասաւորման վտանգաւոր դիրքերը եւ տարեշրջանի աւարտին ապահոված էին նոյնքան կէտ, պէտք է, որ փլէյ օֆի մրցում կատարէին, որպէսզի կարենային իրենց տեղը պահել Ա. դասակարգին մէջ:
Նկատի ունենալով, որ Սփեցիա (17-րդ) եւ Վերոնա (18-րդ) ապահոված էին 31-ական կէտ, փլէյ օֆի մրցում կատարեցին իրարու դէմ:
Արձանագրելով 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը` Վերոնա մնաց Ա. դասակարգին մէջ, մինչ Սփեցիա, Քրեմոնեզէի (19-րդ) եւ Սամտորիայի (20-րդ) հետ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:


