Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Շիքակօ Ֆայըր, որ հիւրընկալեց Քոլոմպուս Քրուն, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Քոլոմպուսի յաղթանակի կոլը նշանակեց Հաայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Լուքաս Սելարայեան` 90+3-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Քոլոմպուս 27 կէտով կը գրաւէ արեւելեան շրջանի 7-րդ դիրքը:


