Ըստ միջազգային մարզական մամուլին, քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ շատ հաւանաբար պայմանագրութիւն մը ստորագրէ արժանթինեան Պոքա Ժունիորզի հետ:
Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը, շատ հաւանաբար ստորագրէ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը:
Ռոտրիկեզ, որ իր պայմանագրութիւնը խզեց յունական Օլիմփիաքոսի հետ, եթէ պատահի, որ միանայ Պոքայի, իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ-Բալեկեանը:


