Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը անդրադարձած է Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի այն յայտարարութեան, թէ Նախիջեւան տանող հաղորդակցութեան ուղիները Հայաստանի տարածքին մէջ պիտի հսկեն Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան (ԱԴԾ) սահմանապահները:
Պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի հարցումին` փոխվարչապետ Գրիգորեանի գրասենեակէն ըսած են. «Եռակողմ աշխատանքային խումբի քննարկումներուն ընթացքին, ներառեալ վերջին հանդիպումը, նման համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած: Հայաստանի դիրքորոշումը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ այն, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտով նախատեսուած ճամբաները պիտի գործեն կողմերու գերիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան տակ, փոխադարձութեան սկզբունքով»:
Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւ, շաբաթ օր պատասխանելով «Մոսկուա-Պաքու» կայքին այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիան պիտի վերահսկէ՞ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ անոր Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններուն, ըսած է. «Վերահսկողութիւնը, համաձայն 9-10 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան, քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով պիտի կատարուի Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան կողմէ:
«Բանակցութիւնները կը տարուին 9-10 նոյեմբեր 2020-ի միացեալ յայտարարութեան 9-րդ կէտին հիման վրայ` զայն կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կոչելու նպատակով:
«Առաջադրանքները շատ յստակ են. կը նախատեսուի վերականգնել գոյութիւն ունեցող ճամբաները եւ կառուցել նոր փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններ, որոնք կը կապեն Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի Արեւմտեան շրջաններուն հետ: Անոնք պիտի ապահովեն թէ՛ ուղեւորափոխադրումներ, թէ՛ ալ բեռնափոխադրումներ», ըսած էր ան:
Մուսթաֆայեւ աւելցուցած էր, որ ներկայիս քննարկումներ տեղի կ՛ունենան թեքնիք մանրամասնութիւններու շուրջ համաձայնութեան գոյացման համար:
Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք հինգշաբթի օր «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հայկական ծառայութեան թղթակիցին յայտնած էր, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու վերջին հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է հիմնարար կէտերու շուրջ, թէ ուրկէ՛ պիտի անցնի երկաթուղին, ինչպէ՛ս պիտի կատարուի մաքսային հսկողութիւնը:
«Ատիկա սովորական երկաթուղի պիտի ըլլայ, Հայաստանի գերիշխանութիւնը ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէ, եւ բոլոր կողմերէն ցանկութիւն կայ կարելի եղածին չափ շուտ սկսելու ապաշրջափակման հոլովոյթին», ըսած էր Օվերչուք:
Ռուսիոյ փոխվարչապետը նաեւ աւելցուցած էր, որ Հայաստանէն կախեալ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան կողմէ սահմանային հսկողութիւն կատարելու կարելիութիւնը: