Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հալէպահայութիւնը Համախումբ Շարքերով Տօնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 105-Ամեակը
Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 105-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 մայիսի երեկոյեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան:
Տօնակատարութեան մասնակիցները դիմաւորեցին ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշներն ու փողերախումբը, անիկա ընթացք առաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ քայլերգներով:
Բացման հայերէն խօսքով Նանար Պապեան-Քիլեճեան դիտել տուաւ, որ Ճեմարանի բակէն ներս համախմբուած ենք վերանորոգելու մեր ուխտը, վերահաստատելու այն պատմական իրողութիւնը, որ հարկ է գոյատեւել Սարդարապատ կերտած սերունդներու ոգիով, հարկ է կերտել արժանավայել սերունդներ` թրծուած ազգային դաստիարակութեամբ ու գիտակցութեամբ, սիրելով հայրենիքը, ճանչնալով անոր դարաւոր պատմութիւնը եւ պահանջատէրը մնալով անոր արդար իրաւունքներուն: Արաբերէն բացման խօսքով Վերա Թովմասեան վեր առաւ հայ ժողովուրդին ձեռք բերած մայիսեան յաղթանակները, Սուրիոյ ժողովուրդին ճգնաժամէն ետք կերտած յաղթական ուղին, ինչպէս նաեւ այսօրուան շրջափակուած Արցախի մէջ ազատութեան համար մարտնչող եւ պայքարող հայութեան անկոտրում կամքը:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ ՀՅԴ Սուրիոյ պատանեկան միութեան երգչախումբին ազգային, յեղափոխական երգերու ելոյթով` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Յովիկ Պարսումեանի:
Այնուհետեւ հանդէս եկան Համազգայինի Բ. Կանաչեան երաժշտանոցի դասատուները: Այսպէս, Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր»-ը նուագեցին Անի Պօղիկեան (դաշնամուր) եւ Տեսիլ Սարեան (ջութակ), իսկ Արա Գէորգեանի «Արցախ»-ը` Անի Պօղիկեան (դաշնամուր) եւ Մեղրիկ Տօնոյեան (կողմնասրինգ/ֆլիւթ):
Հայրենասիրական քերթուածներու համադրում մը` Սիամանթոյի «Ասպետին երգը», Աւ. Իսահակեանի «Ռազմակոչ»-ը ներկայացուցին Վեհան Պարսումեանը, Համազասպ Շաքարեանը եւ Լիլիթ Ժամկոչեանը:
Ապա Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբը «Հզօր Արցախ» պարով հայ մշակոյթին ինքնատպութիւնը ցոյց տուաւ:
Օրուան բանախօսն էր այս առիթով Պէյրութէն ժամանած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, հրապարակագիր, Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» տպարանի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նախ լուսարձակի տակ առաւ Հարաւային Կովկասի լարուած իրավիճակն ու Հայաստանին սպառնացող վտանգները եւ ըսաւ, որ վտանգը շատ մօտ է, իսկ ներքին եւ արտաքին սպառնալիքները բազում են ու մտահոգիչ: Անդրադառնալով Հայաստանի դիւանագիտութեան բացթողումներուն` նկատել տուաւ, որ Հայաստան զիջած է իր տեղն ու դերը տարածաշրջանին մէջ եւ դադրած է գործընթացներուն մէջ դերակատար դառնալէ, որդեգրած է իրեն պարտադրուած հայրենակործան ուղղութիւնը:
Այնուհետեւ բանախօսը համեմատական մը ըրաւ 28 մայիսի նախօրեակին ու ներկայ տիրող պայմաններուն, դրացի երկիրներու ծաւալապաշտ նկրտումներուն եւ հայութեան դիմադրութեան ու պայքարին միջեւ` դիտել տալով, որ 28 մայիսի մեծագոյն ձեռքբերումը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ պետականութեան կողքին, կերտուեցաւ քաղաքական ու պահանջատիրական նկարագիրով ուժեղ հայ անհատը, որ յարութիւն տուաւ հայութեան իրաւունքներու հետապնդման եւ նպատակներու իրագործման պայքարի գիտակցութեան:
Հաւաթեան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումէն անմիջապէս ետք ռազմական յաղթանակները քաղաքականութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ ամրագրելու առաջին հանրապետութեան ղեկավարութեան արդիւնաւէտ գործընթացին` յայտնելով, որ թէեւ անկախութիւնը երկար չտեւեց, սակայն փաստօրէն այդ աննահանջ պայքարին արգասիքը հանդիսացաւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներու ծաւալումը եւ արցախեան պահանջատիրական պոռթկումը, հուսկ` Հայաստանի վերանկախացումը:
Բանախօսը այնուհետեւ անդրադարձաւ 28 մայիսի ներդրումին` Զանգեզուրի հայացման առումով, շնորհիւ Գարեգին Նժդեհի անկոտրում կամքին ու պայքարին, ինչպէս նաեւ` 28 մայիսի կարեւոր արգասիքներէն հանդիսացող ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ գումարման, որ Հայ դատի հետապնդման նոր դարձակէտ մը հանդիսանալով, Արմէն Գարոյի ղեկավարութեան կը յանձնէր «Նեմեսիս» գործողութիւնը` պատժելու համար Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակներն ու ջարդարարները:
Ապա շեշտեց, որ այսօր «Նեմեսիս»-ի նուիրուած յուշակոթողի տեղադրումը հայրենի հողին վրայ պատգամ մըն է թշնամիին, որ հայութիւնը ոչ մէկ ատեն համակերպող է իրեն պարտադրուած կացութեան եւ արդարադատ բազուկներ ծնած ժողովուրդը, ա՛նտարակոյս, գիտէ կերտել նոր «Նեմեսիս»-ներ: Ապա շեշտեց, որ ընդունելի չէ մտածելն անգամ, թէ այսօր յօդս պիտի ցնդի աւելի քան հարիւրամեակ մը ծաւալած հայութեան յաղթերթը, կամ հայութիւնը պիտի ընկալէ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ հրամցուող պարտուողական ու յանձնուողական ամէն տեսակի համաձայնագիր:
Հաւաթեան այնուհետեւ անդրադարձաւ հալէպահայ գաղութի ազգային, անշեղ ուղիին: Ան նկատել տուաւ, որ սփիւռքի մէջ ու հայրենիքի, իրերայաջորդ սերունդներ իրենք զիրենք ճանչցան Սարդարապատով, եւ շատեր նոյն խոյանքով արժանի դարձան հանգչելու սարդարապատեան պատուանդանին վրայ: Այդ սերունդները անցեալի նուաճումները շաղկապեցին մեր ներկային հետ, եւ Սարդարապատի զանգերը ամէնօրեայ դրութեամբ ղօղանջեցին մեր կեանքին մէջ: Այստեղ բանախօսը վեր առաւ Հալէպի հայաշատ թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար, նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի պաշտպանութեան համար նահատակուած Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլեմեանի եւ Յակոբ Աստարճեանի օրինակները, որոնք թշնամիին մէկ թիզ հող չզիջելու պողպատեայ համոզումով տոգորուած էին:
Եզրափակելով` բանախօսը ըսաւ. «Հազարաւոր հայորդիներու արեամբ ձեռքբերուած հայկական հողատարածքները մեր սրբավայրերն են ու արժանապատուութիւնը` մեր իրաւունքը ըլլալէ առաջ: Հետեւաբար թող ոչ ոք կասկածի մեր ժողովուրդի հերոսական ճախրանքին ու հրաշագործ ուժի արտայայտութեան վրայ, ան ի վիճակի է կերտելու նոր հրաշքներ եւ հայկական նոր ասպետութիւններ: Այդ հողերը կը պատկանին 10 միլիոն հաշուող հայութեան, եւ ո՛չ պարտուողական ստորագրութիւնները, ո՛չ ալ մեծապետական հաշիւները կրնան շեղել մեզ մեր այս դար մը եւ աւելի կենսափորձով նուաճած համոզումէն:
«Թէ ապագայ կա՞յ, այո՛, հաստա՛տ կայ: Այդ ապագան, սակայն, պայմանաւորուած է ազգային լիիրաւ պետութեան կերտումով եւ պետականութեան հիմերը 28 մայիսի ձեռք բերուած ազգային պետականութեան հետ ամրօրէն օղակելով»:
Պէյրութէն ժամանելով` տօնախմբութեան գեղարուեստական յայտագիրին կը մասնակցէին նաեւ ազգային երգերու մեկնաբան Յովիկ Քէշիշեան եւ երգեհոնահար, երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեան, որոնք ազգային-յեղափոխական երգերով ոգեշնչեցին երիտասարդութիւնը:
Աւարտին իր հայրական պատգամը ուղղեց Մակար եպս. Աշգարեան, որ ըսաւ. «105 տարի առաջ, ամէն տեսակ դժուարութիւններով հանդերձ, խումբ մը հայեր հայրենասիրութեամբ, ապագայատեսիլ հայեացքով ու խիզախութեամբ տոգորուած` հրաշք գործեցին, երբ յարմար ժամանակին դէմ դնելով մեր ազգին ու հայրենիքին դէմ հիւսուող բոլոր դաւերուն` մեր ժողովուրդը դուրս բերին ստրկամտութենէն ու պայքարելով անկախ հայրենիք կերտեցին»:
Ապա զուգահեռներ գծելով Քրիստոսի կեանքի մէկ հանգրուանին ու մեր ներկային միջեւ` ըսաւ. «Ցաւ ի սիրտ կ’ըսեմ. Յիսուսի ամենամօտիկ աշակերտներէն, այսպէս կոչուած, իր ընտանիքի անդամներէն մէկը դաւաճանեց Իրեն, սակայն Քրիստոս, հակառակ այս իրողութեան, իր աշակերտներուն ըսաւ, որ եթէ զիս կը սիրէք, իմ ճամբէս պիտի քալէք: Դժբախտաբար այսօր Հայաստանի մէջ ալ պարտադրանքով թէ այլ պայմաններու բերումով նոյնը կը կատարուի, հոն ալ դաւաճանութիւն տեղի կ’ունենայ, սակայն եթէ մենք կը սիրենք Հայաստանն ու Արցախը, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ պարտաւոր ենք պաշտպանել զանոնք ու սատար կանգնիլ անոնց` մէկդի դնելով մեր տարակարծութիւնները:
Տօնախմբութիւնը աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Միացեալ Նահանգներ
Մայիս 28-ի Տօնակատարութեան Առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Պոսթըն
18-20 մայիսին Պոսթըն այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ մայիս 19-ին կազմակերպուած հանդիսութեան բանախօսն էր:
Տէր Խաչատուրեան Մասաչուսեցի մէջ այցելեց տարբեր հիմնարկներ, որոնց կարգին` յատկապէս Սուրբ Ստեփանոս ազգային վարժարան, ուր տեսակցեցաւ տնօրէնին հետ, նաեւ զրուցեց աշակերտներուն հետ: Ան նաեւ այցելեց` Արլինկթընի Հայ մշակութային կեդրոն, Պելմոնթի Հայկական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկ (NAASR), Ամերիկայի հայկական թանգարան-գրատուն (ALMA), «Թէքէեան» կեդրոն, ուր հարցազրոյց մը տուաւ «Միրըր-Սփոքթէյթըր»-ի: Տէր Խաչատուրեան նաեւ այցելեց «Հայրենիք» հաստատութիւն, ուր տեսակցեցաւ խմբագրակազմին հետ, նաեւ այցելեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակներ:
19 մայիսին տեղի ունեցաւ «Սարդարապատ» կոմիտէին կազմակերպած մայիսեան ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան 200 հայորդիներ:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտակազմի դրօշակի արարողութենէն ու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք` ներկայացուած խմբավար Արթիւր Վերանեանի ղեկավարած նորակազմ «Armenian Youth Chorus of Boston» երգչախումբին կողմէ, հանդիսավար Նանօր Նարկիզեան կատարեց ձեռնարկին բացումը եւ բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ ծանրանալով` բաղդատական մը կատարեց 105 տարի առաջ կատարուած սխրանքին հետ: Ան շեշտեց, որ երբ այսօր երկրին ղեկավարութիւնը կը թերանայ իր պարտականութեան մէջ, օրինակներ պէտք է քաղէ անցեալէն:
Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ մայիս 28-ի շռնդալից յաղթանակը կերտուեցաւ շնորհիւ հայ ժողովուրդի զաւակներու հայրենասիրութեան, իրատեսութեան եւ զոհաբերութեան, ամբողջ վեց դար շարունակ ապրելէ ետք ստրկութեան, զրկանքի, տառապանքի եւ բնաջնջումի արհաւիրքը:
«ՀՅԴ-ի նուիրեալ ղեկավարներուն երկարաշունչ պայքարին ու հայկական բանակին խոհեմ եւ վճռական կեցուածքին շնորհիւ հայ ժողովուրդը տիրացաւ իր անկախութեան: Պատահածը հրաշք մը չէր, այլ` գոյապայքարի եւ հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու անխորտակելի կամք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր հանրապետութիւնն ու պետականութիւնը` աղքատութեան, հալածանքի, սովի, հիւանդութեան եւ աւերակներու մէջ: Սակայն ընկերային, մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական շօշափելի բարեկարգումներ տեղի ունեցան, ու շատ կարճ ժամանակի մէջ Հայաստան ամրապնդուեցաւ այնքան, որ այլեւս համարձակօրէն կրնար կանգնիլ քաղաքական ասպարէզի վրայ եւ իր խօսքը ըսել համայն աշխարհին:
Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ առաջին հանրապետութիւնը հիմնաքարն է հայկական արդի պետականութեան, որ գոյատեւեց իբրեւ Խորհրդային Հայաստան` վարչակարգի փոփոխութեամբ: Ան աւելցուց, որ պէտք է խոնարհիլ մայիս 28-ի 105-րդ տարեդարձին առջեւ եւ միեւնոյն ժամանակ ծնրադիր ու ամենայն հպարտութեամբ պէտք է փառաբանենք իրագործուած այս անկարելին` ազգային աննախընթաց նուաճումը, որուն պատճառած ուրախութիւնը երկար չտեւեց: «Երկուքուկէս տարուան անկախութեան ընթացքին եռագոյնը ծածանեցաւ ամբողջ հայրենիքի տարածքին` իբրեւ խորհրդանիշը հայկական պետականութեան: Հայ ժողովուրդը տէր դարձաւ իր ազգային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ զինուորական ճակատագիրին: Ազատ էր հայ ժողովուրդը, ուրախ էր հայ մարդը»:
Տէր Խաչատուրեան եզրակացուց, որ մեր ականջներուն պէտք է հնչեն առաջին հանրապետութեան հռչակումը եւ ազատ, անկախ Հայաստանի հաստատումն ու այդ խենթ կերտիչներուն պատգամը` վառ պահել միասնականութեան ոգին, պահպանել հայրենիքի անկախութիւնն ու պետականութիւնը, բարելաւել հայրենիքի ընկերային կեանքը, հզօրացնել հայկական բանակը, հետապնդել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրականացումը:
Ան կարեւոր նկատեց, որ ազատ, անկախ հանրապետութեան վերացումէն եւ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք սփիւռքը սրտբաց եւ հեռատեսութեամբ հիւրընկալեց անկախ Հայաստանի հիմնադիրներէն շատերը: Սփիւռքը ամբողջական հաւատքով եւ համոզումով տէր կանգնեցաւ այս աքսորեալ ղեկավարներուն եւ հիմնադիրներուն սրբազան սկզբունքներուն` հաւատալով, որ վերադարձը դէպի հայրենիք, դէպի հայրենի հող պիտի չուշանայ, արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի, եռագոյնը պիտի բարձրանայ ու ծածանի հայրենիքի հողին վրայ: Եւ այդպէս ալ պատահեցաւ:
Աւարտին Տէր Խաչատուրեան կոչ ուղղեց` չվհատելու, չլքելու Հայաստանն ու Հայ դատը եւ յամառօրէն կառչած մնալու հայրենիքին:
Հուսկ, Արթիւր Վերանեանի ղեկավարած նորակազմ երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը երգեր` «Սարդարապատ», «Զէյթունցիներ», «Երեւան- Էրեբունի» եւ «Կաքաւիկ»:
Քանատա
Մոնրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Ա. Անկախութեան Առիթով Տողանցք Եւ Արցախի Զօրակցական Հաւաք
Կազմակերպութեամբ Մոնրէալի «ՀՄԸՄ-Կամք»-ին, կիրակի, 28 մայիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Arena Marcelin Wilson-էն սկիզբ առաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան առիթով տողանցքը, որուն կը մասնակցէին` ՀՄԸՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան, Մոնրէալի եւ Լաւալի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական բոլոր խումբերը, փողերախումբը, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղը, պատանեկան միութեան «Դրօ-Գետաշէն» եւ «Րաֆֆի-Վիգէն Զաքարեան» մասնաճիւղերը, ՀՕՄ-ի Մոնրէալի «Սօսէ» ու Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերը եւ Համազգային Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղը:
Տողանցքի վերջին կայանն էր Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր յաւարտ սուրբ պատարագին տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ Արցախի զօրակցական հաւաք` կազմակերպութեամբ Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան, մասնակցութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի, Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեանի, Նշան քհնյ. Մանուկեանի, դպրաց դասին եւ հոծ բազմութեան:
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ հնչեցին Քանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, եւ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ «ՀՄԸՄ- Կամք» մասնաճիւղի ատենապետ Լեւոն Արապեան եւ ըսաւ. «Այսօրուան մեր տողանցքը կը վերակենդանացնէ մայիս 28-ի այն տողանցքը, երբ յաղթական հայ բանակը տողանցեց անկախ հայրենիքի մէջ եւ ծածանեց հայկական եռագոյնը»:
Զոյգ կոմիտէներուն խօսքը արտասանեց Արա Գաթարոյեան, որ ըսաւ. «Մենք պէտք է բռնցքուինք եւ ամէն գնով ձախողեցնենք Հայաստանի այսօրուան ղեկավարութեան դաւադիր ու սատանայական ծրագիրը: Մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու: Սարդարապատ, Բաշ Ապարան կերտողները իրաւունք չունին յուսահատելու»:
Բաբգէն արք. Չարեան եւս յղեց իր պատգամը, որուն մէջ ըսաւ. «Հայաստան աշխարհն ու Արցախը այսօր վտանգուած են, բայց իրաւունք չունինք տկարանալու եւ յուսահատելու, ոչ մէկ ղեկավար եւ առաջնորդ իրաւունք ունի մեր ժողովուրդը առաջնորդելու դէպի զիջում, մանաւանդ այն հողը, որ մեր հերոսներուն եւ մեր նահատակներուն արեամբ ձեռք բերուած է»:
Աւարտին յեղափոխական եւ ազգային երգերով հանդէս եկաւ Սագօ Թաշճեան:
Իրան
«Սիփան» Միութեան Նախաձեռնութեամբ Նշուեցաւ Մայիսի 28-ը
Նախաձեռնութեամբ Հ. Մ. «Սիփան» միութեան, 27 մայիսին «Նորայր Էլսայեան» մարզադահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մայիսի 28-ի տօնակատարութիւնը:
Տէրունական աղօթքով, Իրանի, Հայաստանի ու Արցախի պետական քայլերգներով մեկնարկած ծրագիրին Թ.Հ.Թ. Թեմական խորհուրդի կողմէ կեանքի կոչուած մայիսի 28-ի 105-ամեակի մեծարման կեդրոնական յանձնախումբի խօսքը արտասանեց Վանէ Մակարեանը, իսկ միութեան վարչութեան խօսքը` Քարմեն Չհարմահալին:
Ցուցադրուեցաւ 105-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ մայիսեան ոգիով տոգորուած տեսահոլովակը:
Օրուան բանախօսն էր Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը, որ համապարփակ գիծերով անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, սփիւռքի հայկական համայնքներու կարեւորութեան եւ կատարուելիք աշխատանքներուն: Ան կարեւոր նկատեց Հայաստանի կապերը` ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ:
Յայտագրի գեղարուեստական բաժինով Սիոն Սինանին եւ Քելիա Տէր Գալստեան ասմունքեցին, «Սիփան» միութեան համանուն պարախումբը, պարուսոյց Կարինէ Մանուչերեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուց հայկական պարեր, «Կոմիտաս» երգչախումբը, Լուսինէ Միքայէլեանի խմբավարութեամբ, մեկնաբանեց ժողովրդական-ազգագրական երգեր: Յեղափոխական ազգային մեներգներով հանդէս եկան Հայաստանէն հրաւիրուած Մաւր Մկրտչեանը եւ Եւա Եգանեանը:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան, որ ընդգծեց, թէ մայիսի 28-ը մեր ժողովուրդի պատմութեան յաղթանակի գագաթնակէտը հանդիսացաւ:
Ֆրանսա
Մարսէյի Մէջ 22 Պատանիներ Տուին Դաշնակցական Պատանիի Իրենց Խոստումը
Շաբաթ, 27 մայիսին, Մարսէյի ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին կազմակերպած Հայաստանի անկախութեան ձեռնարկին, ՀՅԴ «Արաբօ» պատանեկան միութենէն 22 պատանիներ տուին դաշնակցական պատանիի իրենց խոստումը:
Արարողութեան կնքամայրն էր գաղութի պատանեկան ու հայկական կեանքին մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցող Պրիժիթ Մարքոյեանը: Արարողութեան ընթացքին պատանիները իրենց աջ ձեռքերը բարձրացուցած` կանոնագրին ու եռագոյնին վրայ խոստացան ըլլալ սրտով մաքուր, մտքով վսեմ, արի ու կարգապահ, ինչպէս նաեւ` տէր կանգնիլ հայոց լեզուին, մշակոյթին ու ազգային արժէքներուն:
Ապա Պ. Մարքոյեան խօսեցաւ մարսէյահայ վրիժառու Հրայր Քիլինճեանին մասին` նշելով, թէ մօտ երկու ամիս առաջ էր, որ բաժնուեցաւ կեանքէն: Պ. Մարքոյեան վեր առաւ անոր նկարագրային գիծերը, անոր հայրենասիրութիւնն ու անձնազոհութիւնը, ինչպէս նաեւ` համեստութիւնը: Իր խօսքի աւարտին կնքամայրը սերունդը կոչեց «Հրայր Քիլինճեանի սերունդ» ու պատանեկան միութեան նուիրեց ընկերոջ լուսանկարը` յորդորելով, որ պատանիները մի՛շտ մնան նկարագրով մաքուր ու հայրենասէր եւ իրենց ներդրումը ունենան մեր ազգային կեանքին մէջ: