Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Ազրպէյճանի Կողմէ Երկու Հայ Զինուորի Առեւանգման Դէպքով Դիմած Է ՄԻԵԴ

May 29, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի գրասենեակը 28 մայիսին Ազրպէյճանի կողմէ երկու հայ զինուորներու ապօրինի առեւանգման դէպքով դիմած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)։ Այս մասին կը յայտնէ գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Յասմիկ Սամուէլեան։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմած է միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջով՝ զինուորներու կեանքի իրաւունքը ապահովելու նպատակով։

«Ազրպէյճանը պէտք է դատարանին ներկայացնէ անոնց պահման պայմանները, բժշկական եւ այլ փաստաթուղթեր։ Երբ դատարանը ուղարկէ այդ պահանջը Ազրպէյճանին, այդ ժամանակ պատասխանի ժամկէտ պիտի նշանակէ», ըսաւ Յասմիկ Սամուէլեան։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ մայիս 26-ին՝ ժամը 19:00-էն, մարտական դիրքեր սնունդ մատակարարող Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու զինուորներ Յարութիւն Եուրիկի Յովակիմեանի եւ Կարէն Աշոտի Ղազարեանի հետ կապը ընդհատուած է։

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ միջդիրքային ճամբուն յայտնաբերուած է որոնուող զինուորներու կողմէ օգտագործուող թիկունքային մատակարարման ինքնաշարժը, որ բեռնուած էր սնունդով եւ ջուրով՝ նախատեսուած մարտական հենակետերու համար։ Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան, յայտնաբերուած ինքնաշարժին մէջ գտնուած է նաեւ զինուորներէն մէկուն ամրակցուած զէնքը, ինչը կը փաստէ, որ նոյնիսկ մեքենայէն դուրս գալու եւ տեղւոյն վրայ չկողմնորոշուելու պարագային զինուորները չէին կրնար հետախուզական նպատակներ ունենալ։

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.