Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով պատասխանելով 25 մայիսին Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ հանդիպումին մասին հարցումին, ըսած է. «Յաջորդ շաբաթ մենք իսկապէս պիտի զբաղինք եւրասիական համարկման հարցերով: Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենան թէ՛ Եւրասիական տնտեսական ընդհանուր ժողովը, թէ՛ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստը, եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ թէ՛ նախագահ Ալիեւը, թէ՛ վարչապետ Փաշինեանը պիտի ըլլան Մոսկուա»: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Քրեմլինը ժամանակին պիտի տեղեկացնէ Փութինի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի հաղորդակցութիւններու կարելիութեան մասին», աւելցուց Փեսքով: