Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ռուսիոյ Նախաձեռնութիւնները Սկսած Են Իրականացուիլ, Սկսած Են Տալ Գործնական Արդիւնքներ»

May 19, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մօտ դիւրագրգռութիւն կը յառաջանայ, որովհետեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները մշակուած են Ռուսիոյ մասնակցութեամբ: Այս մասին 17 մայիսին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«(Նախաձեռնութիւնները) սկսած են իրականացուիլ, սկսած են տալ գործնական արդիւնքներ», նշեց ան:

Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Արեւմուտքի նախաձեռնութիւնը ոչ թէ միջնորդութիւն է, այլ ապակառուցողական բան մը, «որովհետեւ կառուցողական եւ իրական արդիւնքներ, որոնք կրնան խօսիլ դրական ուղղութեամբ շարժի մասին, չկան», ընդգծեց Զախարովա:

Ան նաեւ աւելցուց, որ ատիկա չի նշանակեր, թէ «ըստ արժանւոյն պիտի չգնահատենք այն քայլերը, որոնք իսկապէս պիտի առաջնորդեն կառուցողական արդիւնքներու»:

«Մենք միշտ կ՛ընդգծենք դրական միտումը, շարժը եւ այլն: Շատ ուղղութիւններով գիտէք, կը տեսնէք: Պիտի ըլլան այդ ուղղութեամբ համապատասխան արդիւնքներ, անպայման բարձր պիտի գնահատենք: Տակաւին գնահատելու բան չկայ: Տակաւին կը տեսնենք բացայայտ արտայայտուած ցանկութիւն խոչընդոտելու օրակարգը, արեւմտականներու կողմէ իրենց վերագրելու արդիւնքները, որոնք իրենց կողմէն չեն արձանագրուած: Եւ գոյութիւն ունեցող նախանձը, չարութիւնը…», նշեց Մարիա Զախարովա:

«Մոսկուան ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` զերծ մնալու սադրիչ գործողութիւններէ եւ կացութեան սրումէն: Ցաւօք սրտի, վերջին շրջանին` 11 եւ 12 մայիսին, հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ երկու կողմէն զինադադարի խախտման դէպքեր արձանագրուած էին: Այժմ, սակայն, կացութիւնը կայունացած է», յայտնեց ան:

 

 

Նախորդը

Հայաստանը, Ազրպէյճանը Եւ 4 Այլ Երկիրներ Չեն Ստորագրած Ուքրանիոյ Կրած Վնասներու Արձանագրութեան Մատեան Ստեղծելու Հռչակագիրը

Յաջորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը` Նախագահ Յարութիւնեանին. «Ստեղծեցէ՛ք Պաշտպանութեան Պետական Կոմիտէ` Ընդգրկելով Վարդանեանը Եւ Բաբայեանը, Այլապէս Կա՛մ Հրաժարական, Կա՛մ Վստահութեան Հանրաքուէ»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.