Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Կը Վերահաստատէ, Որ Պրիւքսելի Կողքին Նաեւ Համաձայնութիւն Կայ Քիշնեւի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի

May 13, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն, Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ, որ համաձայնութիւն կայ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները ոչ միայն Պրիւքսելի, այլ նաեւ Մոլտովայի մէջ հանդիպին` Ֆրանսայի նախագահին եւ Գերմանիոյ վարչապետին մասնակցութեամբ:

«Ինչպէս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուէր, մենք կ՛ուզենք կրկին ընդգծել, թէ համաձայնութիւն կայ, որ Պրիւքսելի մէջ 14 մայիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները պիտի հանդիպին Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշելի հետ, եւ որ ատոր պիտի յաջորդէ հանդիպում Քիշնեւի մէջ` Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ` Գերմանիոյ վարչապետ Շոլցի եւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի մասնակցութեամբ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է Միշէլի բանբեր Պերենտ Լէյց:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Ալիեւ քիշնեւեան հանդիպումին կրնայ չմասնակցիլ: Աւելի՛ն, նախարարութեան բանբերը պնդած էր, թէ հնգակողմ այդ հանդիպումը ոչ պաշտօնական բնոյթ ունի եւ կրնայ տեղի ունենալ միայն Պաքուի առաջադրած նախապայմանի պարագային:

«Մենք յայտարարած ենք, թէ հաւանաբար ազրպէյճանական կողմը մասնակցի, պայմանով որ անիկա պիտի չփոխարինէ պրիւքսելեան ձեւաչափը: Սակայն, տակաւին վերջնական համաձայնութիւն չէ տրուած, որովհետեւ հանդիպումի մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուած», ըսած էր Այխան Հաճիզատէ:

Պրիւքսելէն կը հակադարձեն, թէ բոլոր կողմերը մինչ այդ քաղաքական համաձայնութիւն տուած են թէ՛ Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ, թէ՛ Քիշնեւի մէջ` հնգակողմ ձեւաչափով նախատեսուած հանդիպումներուն: «Մենք կը պատրաստուինք անոնց կատարման», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահի բանբեր Պերենտ Լէյց:

 

 

Նախորդը

Փաթել Կը Հակադարձէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստան-Ազրպէյճան Հանդիպումի Արդիւնքին Վերաբերեալ Լաւատեսական Գնահատականին Զախարովայի Թերահաւատութեան

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունենալիք Հանդիպումը Կը Նկատեն Ուաշինկթընեան Բանակցութիւններու Շարունակութիւն

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.