ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Հալէպլեան ընտանիք շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, ելեկտրոնային նամակով, հեռաձայնով եւ նուիրատուութեամբ մասնակից դարձան ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Ալին Ամպարճեան եւ զաւակունք (Հայաստան)
Տիար Ճորճ Ամպարճեան
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Նորա Մանսուրեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Խաչիկ եւ Թամար Օհանեան եւ զաւակունք (Հայաստան)
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Արշօ Արսլանեան եւ զաւակունք (Պէյրութ)
Տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Սիլվա Արսլանեան եւ զաւակունք (Պէյրութ)
Լուսին եւ Սոնիկ Արսլանեան (Պէյրութ)
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Անի Թահմիզեան
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Արազ Շահինեան
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Մեղրի Պարսումեան (Քուէյթ)
Տիրան, Գէորգ, Մարալ եւ Արշակ Ամպարճեան եւ ընտանիք
Գրիգոր, Տիրան, Սիլվա եւ Լեւոն Արսլանեան եւ ընտանիք
Մանսուրեան եւ Տարաքճեան ընտանիքներ
Օհանեան եւ Թահմիզեան ընտանիքներ
Շահինեան եւ Պարսումեան ընտանիքներ
Տապպաղեան եւ Ապտոյեան ընտանիքներ
Չրաքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`
ՖԼՈՐԱ ԱՄՊԱՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Արսլանեան, 1945-ին)
մահը:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 9 մայիս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Վիլլաներ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Յետ յուղարկաւորութեան արարողութեան ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին եկեղեցւոյ ներքնասրահը, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 10 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ԵՒ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսին ու կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» մատենադարանին, Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած միօրեայ գիտաժողով տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 26 մայիս 2023-ին, իսկ օր մը առաջ, հինգշաբթի, 25 մայիսի երեկոյեան, մայրավանքիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը հանդէս պիտի գայ սրբազան համերգով: Նշենք, որ Շնորհալի հայրապետին վախճանման 800-ամեակին, երջանկայիշատակ Տ. Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոս երգչախումբը կնքեց «Շնորհալի» անունով:
Գիտաժողովին պիտի մասնակցին միաբաններ, դպրեվանքի Ընծայարանի ուսանողներ, լիբանանահայ մտաւորականներ եւ հայկական վարժարաններու հայրենաւանդ ուսուցիչներ: Շնորհալի հայրապետի 850-ամեայ յիշատակը արժանաւորապէս ոգեկոչելու նպատակով միօրեայ գիտաժողովին զեկուցում-ուսումնասիրութիւնները հետագային պիտի հրատարակուին առանձին հատորով:
Կը հրաւիրենք մեր մտաւորականները, որպէսզի Շնորհալի հայրապետի 850-ամեակը արժեւորեն գիտաժողովին մասնակցութեամբ եւ ուսումնասիրական աշխատասիրութեամբ մը:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հաճեցէք կապ հաստատել հետեւեալ ե-նամակի հասցէին.- arekagan1@gmail.com:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆԵՐ
Ընդհանուր նիւթ`
«ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ»
Պատգամաբեր`
ՎԵՐ. ԺԻԼՊԵՐ ԼԵՒՈՆԵԱՆ (ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ)
Թուական` 11, 12, 13 մայիս 2023
Ժամ` 7:00 կէսօրէ ետք
Վայր` Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցի, Նոր Ամանոս
Սիրով կը հրաւիրենք հայ ժողովուրդը մասնակցելու վերանորոգման այս երեկոներուն:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԵԶՐԵՐ»
Հեղինակ` ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ
Երեւան, 2023
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հագուստի հաստատութիւն մը կարիքը ունի վաճառող օրիորդներու` իր ցուցասրահին մէջ աշխատելու համար:
Դիմել` հեռ. 03-722343:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի հաշուապահուհիի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
26 ՄԱՅԻՍ 2023
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ
ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ
7, 10 ԵՒ 11 ՅՈՒՆԻՍ 2023