Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները այս շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ պիտի վերսկսին խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները: Այս մասին «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին յայտնած են լաւատեղեակ պաշտօնատարներ:
Օրաթերթը վկայակոչած է երեք աղբիւրներ, ըստ որոնց, արեւմտեան դաշնակիցները կ՛աշխուժացնեն միջնորդական ջանքերը: Կը նշուի, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել կիրակի օր պիտի հիւրընկալէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Կը նշուի, որ վերջին անգամ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է փետրուարին, Միւնիխի մէջ:
Յիշեցնենք, որ մայիսի սկիզբը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ եռօրեայ բանակցութիւններ վարած էին Ուաշինկթընի մէջ: