Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ հարց բարձրացուած է ճանչնալու ցեղասպանութեան փաստերը: Այս մասին կը յայտնէ infoport.am:
«Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պէտք է աւելին ընէ ցեղասպանութեան փաստերը ճանչնալու համար, ինչպիսին Հայոց ցեղասպանութիւնն է: Ես շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք այս հարցին մէջ աջակցութիւն կը յայտնեն Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ, օրինակ` Պորիս Ճոնսընին», ըսած է բրիտանացի պատգամաւոր Ճիլս Ուոթլինկ: