Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ կովկասեան շրջանին համար: Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: Թուրք պաշտօնատարը «Թէ.Ռէ.Թէ. Ուըրլտ»-ի համար յօդուածի մը մէջ յոյս յայտնած է, որ «պատմական թշնամանքներու վերացումը ճամբայ պիտի հարթէ տեւական բարեկամութեան եւ համագործակցութեան համար»:
«Սակայն մենք պէտք է նկատի ունենանք ստեղծուած նուրբ կացութիւնը: Հակառակ անոր որ տագնապը ներկայիս սառեցուած է, զինուորական գործողութիւններու մէջ նորէն իյնալու վտանգը կը մեծնայ, որքան երկար ժամանակ կը պահանջուի համաձայնագիրը (Հայ-ազրպէյճանական լուծման համաձայնագիրը, «Ա.»)», ըսած է ան:
Աքարի համաձայն, երկու «խնդիր» Անգարային եւ Երեւանին խանգարած է բնական յարաբերութիւններ զարգացնել Խորհրդային Միութենէն Հայաստանի անկախացումէն ի վեր: Անոնցմէ մէկը, ըստ անոր, արցախեան առաջին պատերազմն էր, միւսը` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր տեսակէտները:
Աքարի համաձայն, Թուրքիան հաւատարիմ կը մնայ այն համոզումին, որ թուրք եւ հայ ժողովուրդները, որոնք «հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան մէջ ապրելու երկար պատմութիւն ունին», կրնան յարաբերութիւններ հաստատել բարեկամութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան վրայ` հակառակ մարտահրաւէրներուն:
«Եթէ շրջանի եւ ատկէ դուրս գտնուող երկիրները որոշեն ներդրումներ կատարել խաղաղութեան համար, ապա քաղաքական եւ տնտեսական շահաբաժինները մեծ պիտի ըլլան ամբողջ շրջանին համար: Թուրքիան կը ցանկար, որ երրորդ երկիրները, ներառեալ Արեւմուտքի մէջ իր դաշնակիցները, կա՛մ օգնէին այս նոր ըմբռնման, կա՛մ գոնէ` զգուշանային պատմական վէճը քաղաքականացնելու եւ զինուորական գործողութիւնները յաւերժացնելու ջանքերէն», ըսած է ան: