Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Հիասթափուած Են Հայկական Օդանաւերու Դիմաց Օդային Տարածքը Փակելու Թուրքիոյ Որոշումէն

May 5, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ հիասթափուած են Թուրքիոյ` իր օդային տարածքով հայկական օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքներու արտօնութիւնը դադրեցնելու որոշումէն: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՛աջակցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչ որ, մեր կարծիքով, ոչ միայն կարեւոր պիտի ըլլար երկու երկիրներուն համար, այլեւ օգտակար` ամբողջ շրջանին մէջ կայունութեան համար», 3 մայիսին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել:

«Մենք հիասթափուած ենք հայկական օդանաւային ընկերութիւններուն իր տարածքով թռիչքներու արտօնութիւնը կասեցնելու մասին Թուրքիոյ յայտարարութենէն: Օդային հաղորդակցութիւնը վերականգնելու մասին նախապէս երկու երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը վստահութեան ամրապնդման կարեւոր գործիք էր ոչ միայն այդ երկու երկիրներուն միջեւ, այլ նաեւ, կրկին, աւելի լայն առումով` շրջանային կայունութեան համար», շեշտած է Փաթել:

«Մենք անկեղծօրէն յոյս ունինք, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը պիտի կարենան շարունակել վերականգնել տնտեսական կապերը, ինչպէս նաեւ բանալ փոխադրամիջոցային կապերը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբերը:

 

Նախորդը

Կալուզին. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Պէս Հին Եւ Զգայուն Հակամարտային Կացութիւններու Լուծումը Չի Կրնար Առանց Դժուարութիւններու Եւ Խնդիրներու Ընթանալ»

Յաջորդը

Ալիեւ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Բանակցութիւններու Յաջորդ Փուլը Պէտք Է Տեղի Ունենայ Այս Ամիս Ռուսիոյ Մէջ»

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.