ԳԱՐԻՆ ԳՈՅՈՒՄՃԵԱՆ
24 Ապրիլ 1915-ին իր դէմ գործուած Ցեղասպանութեան պատճառով հայ ազգը կրեց մեծ թիւով դժուարութիւններ. անոնցմէ մէկն էր հայ պատանի որբերուն ստեղծուած իրականութիւնը եւ անոնց տառապանքը:
Անոնք ստիպուած էին դժուար պարագաներու մէջ նոր ձեւեր գտնել` իրենց կեանքը ապահովելու համար:
Ուրեմն շատ մը ընտանիքներ եւ դպրոցներ, ինչպէս նաեւ բարեսիրական միութիւններ փորձեցին հոգատարութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ:
Այդ որբանոցներէն մէկն էր Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ը, որուն աւանդը ներկայիս պահպանուած է Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին կողմէ:
Թանգարանին մուտքէն սկսեալ կը նշմարենք որբանոցին գրաւիչ կառոյցը, ուր իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն ունի իր իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ պատմութիւն մը: Օրինակ` գետնին վրայ որբերուն ոտքերուն հետքերը, որոնք կը փաստեն անոնց գոյութիւնն ու ինքնութիւնը:
Այս որբանոցը կու տար կրթութիւն եւ կը սորվեցնէր արհեստներ, որպէսզի այս պատանիները կարենային հանգիստ ապագայ մը ունենալ, ըլլան ինքնաբաւ: Այս որբանոցէն հայութեան համար նոր կեանք մը կը ծնի:
Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի մուտքին զետեղուած կամարը, որուն եթէ մօտէն նայինք, պիտի տեսնենք, որ կտոր-կտոր շինուած` մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպէ՛ս բազմաթիւ ջարդերէ եւ սպանդներէ ու տարագրութենէ ետք հայերը թիթեղեայ տուներու մէջ կ՛ապրէին:
Թանգարան այցելութեան ընթացքին, երբ կամարին տակէն կ՛անցնէինք, կը լսէինք որբերուն ձայները եւ հայ մօր մը նուրբ ձայնը, որ կը փորձէր հանդարտեցնել զանոնք: Այս պատկերը շատ տխուր էր եւ յուզիչ, որովհետեւ այս որբերը չունին մայր մը, որ հոգայ զիրենք:
«Թռչնոց բոյն» որբանոցը իբրեւ մայր իր թեւերուն տակ առաւ հայ որբ պատանիները, որպէսզի զանոնք պաշտպանէ:
Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մէջ նշմարեցինք նաեւ զանգակ մը, որուն լեզուն մետաղէ չէ: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ հայերուն օգնութեան կանչերը դժբախտաբար չլսուեցան: Շատ որբեր ստիպուեցան անօթի ու ծարաւ մնալ, որովհետեւ անոնց ընտանիքէն ոչ մէկ անդամ ողջ մնացած էր, եւ անոնք լքուած էին իրենց ճակատագիրին:
Վերջապէս, գիտենք, որ հայ ժողովուրդը օժանդակութիւն ստացաւ իր վատ վիճակէն դուրս գալու համար:
Հայոց ցեղասպանութեան որբերը ստիպուած էին առանձին ձեւեր գտնել` ապրելու համար: Ցեղասպանութիւնը շատ վատ ազդեցութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդին վրայ, որ սակայն շարունակեց ու կը շարունակէ ապրիլ: