Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Միջազգային Անդրադարձներ

Ապրիլ 26, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յղեց ապրիլքսանչորսեան տարեկան նախագահական ուղերձը, որուն մէջ դարձեալ օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը:

«Այսօր մենք կանգ կ՛առնենք յիշելու Մեծ եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կորսուած կեանքերը եւ վերահաստատելու երբեք չմոռնալու մեր խոստումը:

«24 ապրիլ 1915-ին օսմանեան իշխանութիւնները ձերբակալեցին Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականները եւ համայնքի ղեկավարները, ինչ որ սկիզբ դրաւ հայ համայնքին դէմ բռնութեան համակարգուած արշաւին: Հետագայ տարիներուն մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան կամ տարուեցան մահուան երթերով. ողբերգութիւն, որ մէկընդմիշտ ազդեց հայ ընտանիքներու սերունդներուն վրայ:

«Երբ մենք այս ցաւալի պատմութիւնը յիշելու առումով կը միանանք աշխարհի տարբեր երկիրներուն, մենք նաեւ կ՛անդրադառնանք հայ ժողովուրդի տոկունութեան եւ վճռականութեան: Ողջ մնացածներէն շատերը ստիպուած եղան նոր կեանքի սկսիլ նոր երկիրներու մէջ, ներառեալ Միացեալ Նահանգները: Այստեղ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ հայ ժողովուրդը յոյսով դիմակայած է ատելութեան չարիքին: Անոնք վերակառուցեցին իրենց համայնքները: Անոնք իրենց ընտանիքները դաստիարակեցին եւ պահպանեցին իրենց մշակոյթը: Անոնք հզօրացուցին մեր ազգը: Անոնք նաեւ պատմեցին իրենց եւ իրենց նախնիներու պատմութիւնները` յիշելու եւ երաշխաւորելու համար, որ 108 տարի առաջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը այլեւս երբեք չկրկնուի:

«Այսօր եկէք դարձեալ տանք այս խոստումը: Եկէք կրկին պարտաւորուինք բարձրաձայնել ատելութեան դէմ, պաշտպանել մարդու իրաւունքները եւ կանխարգիլել վայրագութիւնները: Եւ միասին, եկէք կրկնապատկենք մեր ջանքերը` կերտելու աւելի լաւ ապագայ, ուր բոլոր մարդիկ կրնան ապրիլ արժանապատուութեամբ, ապահովութեամբ եւ յարգանքով»:

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահ. «Վերստին Խոստանանք Երբեք Չմոռնալ Եւ Յանձնառու Ըլլանք Խօսելու Ատելութեան Դէմ»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը` կոչ ուղղելով մշտապէս հանդէս գալ ատելութեան դէմ եւ երբեք չմոռնալ կատարուածը:

«Այսօր մենք կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կորսուած 1,5 միլիոն մարդոց յիշատակը: Յիշելով պատմութեան այդ ցաւալի դրուագը` եկէք վերստին խոստանանք երբեք չմոռնալ եւ յանձնառու ըլլալ խօսիլ ատելութեան դէմ` իր բոլոր դրսեւորումներով», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Հարիս:

Մաքրոն Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր դիմատետրեան էջին վրայ հայերէն գրառումով մը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին:

«Այս ապրիլ 24-ի օրը, Ֆրանսան կը նշէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը:

«Զոհերու յիշատակը պաշտպանելու համար խորհրդածութեան օր է. հայ ժողովուրդի վերածնունդի խորհրդանիշն է:

«Վկայութիւնն է նաեւ Ֆրանսայի` Հայաստանին վճռական եւ տեւական աջակցութեան», գրեց Մաքրոն:

Սաքելարոփուլու. «Կը Յարգենք Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը»

Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու «Թուիթըր»-ի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին վերաբերեալ գրառում կատարեց:

«Մենք կը յարգենք Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ բնաջնջուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Մեր պարտքն է պայքարիլ խտրականութեան բոլոր ձեւերուն դէմ, որպէսզի մարդիկ ապահով ըլլան` անկախ իրենց ինքնութենէն, ծագումէն եւ համոզումներէն», գրեց Յունաստանի նախագահը:

Տենտիաս. «Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակը Վառ Պահելը Ամբողջ Մարդկութեան Նուազագոյն Պարտքն Է»

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս «Թուիթըր»-ի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին վերաբերեալ գրառում կատարեց:

«Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը վառ պահելը ամբողջ մարդկութեան նուազագոյն պարտքն է: Այսօր մենք մտովի մեր հայրենակից եւ համայն աշխարհի հայութեան հետ ենք», գրեց ան:

Կիպրոսի Նախագահ. «Եղբայրական Հայ Ժողովուրդին Հետ Մեր Համերաշխութիւնը Անբաժան Է»

Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին վերաբերեալ գրառում` նշելով, որ այս սարսափելի յանցագործութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարը կը շարունակուի:

«Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան` յարգանքի տուրք կը մատուցենք 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Կը շարունակենք այս սարսափելի յանցագործութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարը: Եղբայրական հայ ժողովուրդին հետ մեր համերաշխութիւնը անբաժան է», նշեց Կիպրոսի նախագահը:

Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛աջակցի Ճշմարտութեան Ճանաչման Եւ Արդարութեան

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Այսօր` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը, մենք կը յիշենք զոհերը, կ՛աջակցինք ճշմարտութեան ճանաչման եւ արդարութեան վերականգնման, կ՛ըսենք այլեւս երբեք 24 ապրիլ 1915»:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելից. Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Պահանջատիրական Իր Կեցուածքը

Յաջորդը

Բերձորի Միջանցքին Վրայ Ազրպէյճանի Կողմէ Անցարգելի Հաստատման Վերաբերեալ Միջազգային Կեցուածքներ

RelatedPosts

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները  Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու  Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Օգոստոս 19, 2025
Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Հայկական

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Օգոստոս 19, 2025
Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ,  Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»
Հայկական

Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ, Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?