Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները երէկ տեսակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը կտրած ազրպէյճանցի երկու զինուորներուն հետ:
Հայաստանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի:
Կոմիտէի աշխատակիցները առանձին հանդիպումներ ունեցած են զինուորներուն հետ, որոնք կոմիտէին միջնորդութեամբ նամակներ ուղարկած են իրենց ընտանիքի անդամներուն:


