Ֆրանսան խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի տարածքին մէջ` Տեղ բնակավայրին մօտ տեղի ունեցած բռնութեան նկատմամբ: Այս մասին նշուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Ֆրանսան խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ 11 ապրիլին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ, Հայաստանի տարածքին մէջ` Տեղ բնակավայրին մօտ տեղի ունեցած բռնութեան նկատմամբ, որուն պատճառով երկու կողմէն զոհեր եւ վիրաւորներ կան:
«Ասիկա կը յիշեցնէ, որ սահմանազատումը պէտք է կատարուի բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով, եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք շարունակելու այդ ուղղութեամբ ջանքերը: Հայաստանի տարածքին ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը եւ հաղորդակցութեան գիծի հայկական կողմի բռնագրաւուած դիրքերէն ազրպէյճանական ուժերու դուրս բերումը էական նշանակութիւն ունին ապագայ միջադէպերը կանխարգիլելու եւ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հիմերը պահպանելու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «միակողմանի» եւ «իրականութեան չհամապատասխանող» որակած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան վերոնշեալ յայտարարութիւնը եւ Փարիզին կոչ ուղղած զերծ մնալու նման յայտարարութիւններէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան 12 ապրիլի յայտարարութիւնը ի պաշտպանութիւն Հայաստանի` առնչուած 11 ապրիլին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ հայկական կողմի սադրանքին, իրականութեան չի համապատասխաներ», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան միակողմանի յարգման կարեւորութեան մասին յայտարարութիւնը, որ Հայաստանին կոչ չէ ուղղած յարգելու Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ Երեւանէն չէ պահանջած հայկական զինեալ ուժերը դուրս բերել Ազրպէյճանի տարածքներէն` եռակողմ յայտարարութեան եւ Փրակայի հանդիպումի արդիւնքներուն համաձայն, որուն մասնակցած է Ֆրանսայի նախագահը, մեր երկրին նկատմամբ Ֆրանսայի կողմնակալ վերաբերմունքի օրինակ է», կը պնդէ Պաքու: