Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յինանց Կիրակիներ. Յինունք Եւ Նոր Կիրակի Կամ Կրկնազատիկ

April 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Յինունքը Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Հոգեգալուստ երկարող յիսուն օրերուն ժամանակաշրջանն է:

Յինունքը ցնծութեան եւ ուրախութեան շրջան է:

Յինունքին առաջին քառասունքը յիշատակումն է այն քառասուն օրերուն, որոնք Յարութենէն ետք Յիսուս անցուց Իր աշակերտներուն հետ: Իսկ քառասուն օրերուն յաջորդող տասը օրերը Համբարձման տօնին շարունակութիւնն ու փառաբանութիւնն են` իբրեւ նախապատրաստութիւն Հոգեգալստեան:

Յինանց բոլոր օրերը անխտիր ուտիք են եւ սնունդի նկատմամբ սահմանափակում չկայ: Յինունքէն ետք կը վերականգնուի չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերու պահքը:

Յինանց կիրակիներն են` Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ, Աշխարհամատրան կամ Կանաչ կիրակի, Երեւման խաչ, (յաջորդող հինգշաբթի` Համբարձում), Երկրորդ Ծաղկազարդ եւ Հոգեգալուստ:

Քրիստոսի Յարութեամբ միաշաբաթ օրը նուիրագործուեցաւ եւ դարձաւ կիրակի, որ յունարէն կը նշանակէ տէրունական, տիրոջ օր:

***

Նոր Կիրակին կը խորհրդանշէ Քրիստոսի եկեղեցիի հաստատման եւ ծաւալման սկիզբը: Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ կը կոչուի երեք պատճառով. վասն ազատութեան, վասն յարութեան եւ վասն փրկութեան:

Նոր է` որովհետեւ սկիզբն է նոր արարածներու:

Ձմրան յաջորդող գարնան կը սկսի արարածներու նորոգութիւնը եւ ծառերը վերստին կը ծլարձակին, կենսուրախութիւն եւ հրճուանք պարգեւելով իւրաքանչիւր արարածի:

Զատիկը ազատութիւն կը խորհրդանշէ, եւ այդ օր կրկնակի ազատութեան օր է: Քրիստոս կիրակի օր մեզի յարութիւն տուաւ Իր հոգիով եւ զօրութեամբ, իսկ երկրորդ կիրակի օրը մեզի յարութիւն պիտի տայ ըստ մարմնի, եւ մեռելներէն յարութիւն առնելով պիտի անմահանանք եւ փրկուինք: Տէրը առաջին կիրակի օրը երեւցաւ աշակերտներուն եւ զանոնք հաստատեց յարութեան հաւատքի մէջ, իսկ երկրորդ կիրակի օրը երեւցաւ, որպէսզի փրկէ Թովմասը թերահաւատութենէ եւ հաստատէ հաւատքի մէջ: «Երանի՜ անոնց, որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան»:

Քրիստոսով ամէն ինչ վերստին նորոգուեցաւ. հինը անցաւ եւ ամէն ինչ նոր եղաւ:

Նոր Կիրակին վախճանն է ժամանակին եւ սկիզբը` մշտնջենաւոր յաւիտենականութեան: Կրկնազատիկ է` քանզի նորովի կը տօնենք մեր հոգիի փրկութեան նաւակատիքը` հոգեւոր ուրախութեամբ:

 

 

Նախորդը

Պաքու Կ՚աճապարէ

Յաջորդը

Պետրոս Խեչոյեանին (Արաբերէնով Խորժեան Գրուած) Յիշատակին

RelatedPosts

Ամէն Տարի Այս Օրերուն
Անդրադարձ

Ամէն Տարի Այս Օրերուն

September 19, 2026
Վերաթարմացուող Պատգամ
Անդրադարձ

Վերաթարմացուող Պատգամ

September 19, 2026
Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ
Անդրադարձ

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.