Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Թուրքիոյ Ցեղասպանութիւնը Հայութեան Եւ Կիպրոսի Ժողովուրդին Դէմ Տարբեր Ձեւերով Կը Շարունակուի» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

March 17, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք Միասնաբար Պիտի Պայքարինք
Թուրքիոյ Դէմ` Ի Խնդիր Արդարութեան»

Երէկ` ուրբաթ, 16 մարտ 2012-ի առաւօտուն, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու Մարքոլլիս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքը եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառին կողքին ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութենէն տոքթ. Պետրոս Գարաճըրճեան (ատենապետ), Տիգրան Ճինպաշեան (ատենադպիր), նախարար զօր. Փանոս Մանճեան, Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, Կիպրոսի ներկայացուցիչ Բարսեղ Զարդարեան եւ Կոմիտաս արք. Օհանեան: Իսկ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին հետ ներկայ էին Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանը եւ արտաքին գործոց նախարարութեան զանազան բաժանմունքները ներկայացնող հինգ դիւանագէտներ:

Հանդիպման սկիզբը վեհափառը ջերմօրէն ողջունեց նախարարին այցելութիւնը, ան անդրադարձաւ Լիբանանի ու Կիպրոսի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան եւ մաղթեց, որ այդ գործակցութիւնը աւելի ծաւալի ի շահ երկու երկիրներուն: Վեհափառը նաեւ լայնօրէն խօսեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութեան մասին: Ան ըսաւ, որ յատկապէս կիլիկեան շրջանին երկու ժողովուրդները եւ պետութիւնները ունեցան սերտ գործակցութիւն: Խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին` վեհափառը նախ շեշտեց կարեւորութիւնը երկու եկեղեցիներուն էքիւմենիք յարաբերութեան, ապա ան ընդգծեց Հայաստանի ու Կիպրոսի պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գործակցութեան նոր շեշտ եւ հունաւորում տալու հրամայականը: Վեհափառը յիշելով երկու շաբաթներ առաջ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարը Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ըսաւ, որ ցեղասպանութիւնը տարբեր ձեւերով կը շարունակուի այսօր հայ ու կիպրացի ժողովուրդներուն դէմ. Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութեան ուրացումը ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է. ինչպէս նաեւ Կիպրոսի գրաւումը եւ մշակութային ու կրօնական կոթողներու քանդումը այլապէս ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է. եւ ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ, եզրակացուց վեհափառը:

Նախարարը նախ յիշեց վեհափառին հետ հանդիպումը հինգ տարիներ առաջ եւ ապա իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանանի ու Կիպրոսի պետութիւններուն միջեւ այսօր հասարակաց շահեր կան, հետեւաբար նաեւ` սերտ գործակցութիւն: Ան գնահատանքով ու հիացումով անդրադարձաւ Կիպրոսի հայութեան եւ անոր բերած նպաստին Կիպրոսի բարգաւաճման աշխատանքին մէջ:  Ապա ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութեան` ընդգծելով գործակցութեան կարեւորութիւնը այսօր, մանաւանդ Թուրքիոյ կողմէ կատարուող ոտնձգութիւններուն եւ ուրացումներուն դէմ: Նախարարը ըսաւ, որ երկու ժողովուրդներուն պայքարը արդարութեան պայքար է եւ մենք պէտք է միասնաբար շարունակենք այդ պայքարը ի խնդիր մարդկային իրաւունքներուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ ապրիլի սկիզբը պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան:

Հանդիպման աւարտին, նախարարի խնդրանքին ընդառաջելով, վեհափառին գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը այցելեց Նահատակաց յուշարձանը: Վեհափառէն հրաժեշտ առնելէ առաջ, նախարարը դարձեալ կրկնեց, որ Կիպրոսը միշտ կը մնայ հայութեան կողքին եւ մենք միասնաբար պէտք է շարունակենք մեր պահանջատիրական պայքարը:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ. Գրականագէտ Պօղոս Սնապեանի «Վերծանումներ» Հատորի Մատուցում

Յաջորդը

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.