Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ. Գրականագէտ Պօղոս Սնապեանի «Վերծանումներ» Հատորի Մատուցում

March 17, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակեպութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 16 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ գրականագէտ եւ գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանի «Վերծանումներ» հատորի մատուցումը:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Սեդա Խտըշեան: Ան նկատել տուաւ, որ մասնաճիւղը միշտ կը միտի նորութիւնները ծանօթացնել հանրութեան եւ այս նպատակով ուզած է ներկայացնել «Վերծանումներ» հատորը: Ան նաեւ ծանօթացուց օրուան բանախօս եւ հատորը ներկայացնող «Բագին» պարբերաթերթի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեանը եւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց անոր կենսագրական գիծերը:

Սեդա Գրիգորեան խօսք առնելով յայտնեց, որ «Վերծանումներ» հատորը վերջին դարու հայ գրականութիւնը ալեկոծող գիրքերու շարքին կ՛առանձնացնէ հինգ գործեր` Զապէլ Եսայեանի «Կեղծ Հանճարներ»-ը, Յակոբ Օշականի «Սահակ Պարգեւեան»-ը, Կոստան Զարեանի «Անցորդը եւ իր ճամբան», Եղիշէ Չարենցի` «Մահուան տեսիլ»-ը եւ Գուրգէն Մահարիի «Ծաղկած փշալարեր»-ը, եւ կը փորձէ ներկայացնել այս գործերուն մէջ տեղ գտած կերպարներուն ինքնութիւնը` իրական կեանքի ու ապրուած ժամանակի շրջագիծին մէջ: Ս. Գրիգորեան հաստատեց, որ Սնապեան յաջողած է յաւելեալ լոյս սփռել ներկայացուած գործին, ժամանակաշրջանի հարցերուն եւ կերպարներու իսկական ինքնութեան վրայ` միաժամանակ ապահովելով ներկայացուածին եւ հաստատուածին վաւերականութիւնը:

Ապա Սեդա Գրիգորեան անդրադարձաւ իւրաքանչիւր գիրքին, ներկայացուց զանոնք, հաստատումներ կատարեց եւ օրինակներ բերաւ իւրաքանչիւրէն: «Սնապեան սփիւռքի այն հազուագիւտ մտաւորական գրողներէն է, որ Խորհրդային Հայաստանի առաջին օրերէն սկսեալ եւ սփիւռքեան կարելիութեանց ներած չափով, քովն ի վեր ընթացաւ հոն ծաղկող գրականութեան, խորհրդային մամուլին, քաղաքական կեանքի ելեւէջներուն, համագումարներու հրապարակումներուն, գիրքերուն, գրողներուն… եւ առաւելագոյն հմտութեամբ ամբողջ տասնամեակներ բացայայտեց խորհրդային կարգերու ծնունդ սուտն ու ապազգային յերիւրանքները` յանուն ազգայինի, ճշմարտութեան եւ ստեղծագործ արդար վաստակի կենսագործման», եզրափակեց Սեդա Գրիգորեան:

Աւարտին Սեդա Խտըշեան կարդաց Համբիկ Պիլալեանի այս առիթով գրած սրտի խօսքը: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Սեդա Գրիգորեանին: Ապա տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Թուրքիոյ Ցեղասպանութիւնը Հայութեան Եւ Կիպրոսի Ժողովուրդին Դէմ Տարբեր Ձեւերով Կը Շարունակուի» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.