Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով շարունակուող ճգնաժամին առնչուող հարցեր: Միտքեր փոխանակուած են վերջին զարգացումներուն, Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցային հոլովոյթին, խաղաղութեան օրակարգին շուրջ:
Կողմերը կարեւոր նկատած են շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը: