Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ արձանագրուած է զինադադարի խախտում, զոհեր չկան: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագիրին մէջ:
«Շուշիի շրջանին մէջ արձանագրուած է զինադադարի մէկ խախտում, միջադէպին պատճառով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ հետաքննութիւն կը կատարէ այս փաստին առնչութեամբ», նշուած է զեկուցումին մէջ: