Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԴԷՄ ՑՈՅՑԵՐ` ԹՐԻՓՈԼԻԻ ԵՒ ՍԱՅՏԱՅԻ ՄԷՋ

April 4, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սայտայի ցոյցին մասնակիցները

Շաբաթավերջին Սայտայի եւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցան ցոյցեր` համայնքային վարչակարգի տապալման շարժումին ծիրին մէջ:

Սայտայի մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական համայնքայնութեան ջնջումը պահանջող ցոյց մը` Սայտայի Նահատակաց հրապարակին կից:

Ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ, ցուցարարները բարձրացուցին լիբանանեան դրօշներ, ինչպէս նաեւ համայնքայնութեան դէմ արտայայտուող կարգախօսներ:

Սակայն երբ Ազատագրում եւ բարգաւաճում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հասաւ ցոյցին վայրը` միանալու համար ցուցարարներուն, ոմանք անկէ պահանջեցին հեռանալ այդ վայրէն: Հաշեմ հեռացաւ, սակայն ցուցարարներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:

Կարգ մը ցուցարարներ վարկաբեկիչ խօսքեր ուղղեցին նաեւ լրագրողներուն, ինչպէս նաեւ կոտրեցին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին պատկանող տեսախցիկը: Այս բախումները պատճառ դարձան, որ բանակը միջամտէ եւ ցրուէ ցուցարարները:

Սայտայի լրագրողները անմիջապէս գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին դատապարտեցին Սայտայի ցոյցին ընթացքին լրագրողներուն խոշտանգումն ու անոնց դէմ վարկաբեկիչ խօսքեր արձակելու արարքը:

Խմբագիրներու սենտիքայի փոխնախագահ Սայիտ Նասրէտտին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Սայտայի մէջ համախմբուած լրագրողներուն զօրակցութիւն յայտնեց եւ դատապարտեց անոնց դէմ գործուած բռնարարքները:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաղորդագրութեան մը ընդմէջէն յայտնեց, որ ինք ցոյցին մասնակցած է` ընդառաջելով հրաւէրի մը, ինչպէս նաեւ հերքեց այն լուրերը, թէ իր թիկնապահները միջամտած են եւ բախումներ ունեցած ցուցարարներուն հետ:

Թրիփոլիի մէջ շաբաթ օրուան ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին 300 քաղաքացիներ, որոնք քայլարշաւ մը կազմակերպեցին Թալի հրապարակէն մինչեւ Թրիփոլիի սերայ. անոնք պահանջեցին հաստատութենական պետութեան մը հիմնումը, դատական իշխանութիւններուն անկախացումը, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւնները համայնքային եւ յարանուանական պատկանելիութենէ դուրս բերող արդիական օրէնքներու որդեգրումը:

 

Նախորդը

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԱՐԺԱՆԹԻՆԵԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎՃԻՌ ԱՐՁԱԿԵՑ

Յաջորդը

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ՈՒՇ ԿԱՄ ԿԱՆՈՒԽ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄՈՒԻ` ԱՅՍ ԿԱՄ ԱՅՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ»

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.