Պաքուի մէջ անծանօթ անձեր կրակ բացած են երեսփոխան Ֆազիլ Մուսթաֆայի վրայ: Դէպքը տեղի ունեցած է, երբ ան դուրս կու գար իր տան մօտ գտնուող շուկայէն: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Երեսփոխանը փոխադրուած է հիւանդանոց: Ան վիրաւորուած է ոտքէն եւ ուսէն: Անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Ֆազիլ Մուսթաֆա ծանօթ է իր հակաիրանեան կեցուածքներով: