Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Կազմակերպութեամբ Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք

Մարտ 30, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, շաբաթ, 25 մարտին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 9 վարժարաններէ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ  Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, 56 աշակերտ-աշակերտուհիներու:

Այս առիթով զրոյց տեղի ունեցաւ Գեղարուեստի դպրոցներու պատասխանատուներուն եւ դատական կազմի անդամներուն հետ: Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան բացատրեց, որ աւանդութիւն դարձած միջդպրոցական տարեկան գծագրութեան մրցանքը նախորդ տարի քիչ մը տարբեր էր, որովհետեւ նիւթերը ուղարկուած էին վարժարաններ, եւ աշակերտները հոն գծելով ներկայացուցած էին,  իսկ այս  տարի նիւթերը ուղարկուած էին վարժարանները, որպէսզի մասնակից աշակերտները գաղափար մը կազմեն եւ ապա ներկայանան մրցանքի եւ տեղւոյն վրայ գծեն: Մարալ Հարպոյեան յայտնեց, որ մրցանքը յաջողութեամբ պսակուեցաւ նաեւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Գէորգ Քէշիշեանի աջակցութեամբ, հսկողութեամբ եւ ցուցմունքներով:

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Թալին Մոսիկեան նկատել տուաւ, որ մրցանքը առիթ կու տայ աշակերտներուն` իրենց տաղանդը գծագրութեամբ արտայայտելու, յայտնաբերելու իրենց կարողութիւնները, զորս զարգացնելու համար անոնք կրնան ակադեմիա յաճախել:

Դատական կազմի անդամներէն Հրաչ Այնթէպլեան յայտնեց, որ դրական երեւոյթ է, որ մասնակիցները տեղւոյն վրայ կը գծեն եւ կ՛արտայայտեն իրենց զգացումները եւ ոչ թէ տունը պատրաստած ու բերած են: Ըստ անոր,  գծագրութիւնները զանազան ու գունաւոր են, եւ յստակ է, որ բոլոր աշակերտները ջանք թափած են իրենց կարելին ներկայացնելու:

Իր կարգին, Մարալ Տէր Պօղոսեան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի ներկայ դժուար տնտեսական եւ ընկերային պայմաններուն մէջ շատ լաւ նախաձեռնութիւն մըն է, մանաւանդ որ աշակերտները կը զգան, որ իրենց տաղանդը արժեւորող, գնահատող եւ անով հետաքրքրուող կայ, եւ այս մէկը դուռ մը կը բանայ իրենց, որպէսզի կարենան իբրեւ աշակերտ յաճախել «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը:

Դատական կազմի այլ անդամ Ծովիկ Առնէլեան եւս գնահատեց ներկայ ծանր իրավիճակին մէջ նման նախաձեռնութեան մը շարունակութիւնը, իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց, որ աշակերտները իրենց մանուկ տարիքէն ունին իրենց գիտարուեստը եւ ստեղծագործելու ոճը, որուն կարօտը ունին մեծերը:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 երկարող մրցանքը կայացաւ տարիքային երեք բաժանմուքներով` Ա. խմբակ` 5-8 տարեկան, առաւօտեան ժամը 10:00-12:00,  Բ. խմբակ` 9-12 տարեկան, ժամը 12:30-2:30 եւ Գ. խմբակ` 13-16 տարեկան ժամը 3:00-5:00: Իւրաքանչիւր խմբակի տրամադրուած էին զանազան նիւթեր. Ա. խմբակ` գծէ՛ տունդ, գծէ՛ ինքզինքդ եւ նախասիրած անասունդ, գծէ՛ երեւակայած դպրոցդ, գծէ՛ ընտանիքդ, որոնք զատուեցան աշակերտներուն կողմէ վիճակաձգութեամբ: Բ. խմբակին տրամադրուած էր հինգ նիւթ եւ դարձեալ վիճակաձգութեամբ զատուեցաւ մէկ նիւթ` ներկայացո՛ւր հայկական պարը, իսկ Գ. խմբակին տրամադրուած էին վեց նիւթեր, եւ վիճակաձգութեամբ զատուեցան երկու նիւթեր` գծէ՛ Արցախը այսօր եւ Արցախը ապագային, երեւակայէ՛ եւ գծէ աշխարհը խաղաղութեան մէջ:

Ուշագրաւ էր, որ սրահին մէջ իւրաքանչիւր վարժարանի յատուկ սեղան մը պատրաստուած էր, վրան` աշակերտին անունը, եւ իւրաքանչիւրին տրամադրուած էր երեք տեսակ ներկ` տախտակ, ջրաներկ եւ փիլոթ: Մրցանքի ընթացքին սրահին մէջ կը լսուէր յատուկ երաժշտութիւն, որպէսզի այդ մթնոլորտէն ազդուած ստեղծագործեն:

Երեկոյեան ժամը 5:30-ին ծնողներու ներկայութեան յայտարարուեցան արդիւնքները: Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան շնորհակալական խօսք ուղղեց լիբանանահայ մասնակցող վարժարաններուն, որոնք քաջալերեցին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին մրցանքին, նաեւ` ծնողներուն, մասնակցող աշակերտներուն եւ դատական կազմի անդամներուն` արուեստագէտներ Հրաչ Այնթէպլեանի, Մարալ Տէր Պօղոսեանի եւ Ծովիկ Առնէլեանի: Ան նկատել տուաւ, թէ անոնք, որ կ՛ուզեն իրենց ձիրքերը զարգացնել, կրնան «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին միանալ եւ այս նպատակով բոլոր մրցանակիրներուն պիտի տրամադրուի կրթաթոշակ, որպէսզի արձանագրուին դպրոց:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխում: Ա. խմբակէն` 5-8 տարեկան, առաջին հանդիսացաւ Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտ Սերենա Գոլանճեան, երկրորդ` Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտ Կալիա Գարկայեան, իսկ երրորդ` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտ Համբօ Էլ Համուշ: Բ. խմբակէն` 9-12 տարեկան, առաջին հանդիսացաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտ Լէա Մարգարեան, երկրորդ` Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտ Նարօտ Գանտագարճեան, իսկ երրորդ` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտ Լիլա Սվաճեան: Գ. խմբակէն` 13-16 տարեկան, առաջին հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարանի աշակերտ Գարլա Ռուպէլեան, երկրորդ` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտ Լուչիանա Ղազարեան, իսկ երրորդ` Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտ Գորիս Թաշճեան:

Յայտնենք, որ առաջին հանդիսացողները ստացան Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2023-2024 տարեշրջանի ամբողջական կրթաթոշակը, երկրորդ հանդիսացողները` կրթաթոշակէն 50 առ հարիւր զեղչ, իսկ երրորդ հանդիսացողները` 25 առ հարիւր զեղչ, նաեւ բոլոր մրցանակակիրները ստացան համապատասխան վկայագիրներ:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025
Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները  Դարու Վկաներն Են»
Գաղութային

Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները Դարու Վկաներն Են»

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?