Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ»Ը` ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

April 4, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը շարունակէ հրապարակել Թուրքիոյ վերաբերեալ «Ուիքիլիքս»ի մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերը:

30 յունուար 2007 թուակիր փաստաթուղթին մէջ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու այն ժամանակուան ընդհանուր հիւպատոս Տեպորա Ք. Ճոնզ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած իր հեռագիրին մէջ մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն միջեւ 14 նոյեմբեր 2006-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին:

«Իրաւապաշտպան Հրանդ Տինքի ողբերգական մահը Թուրքիոյ համար մեծ կորուստ էր: Դեսպանատան եւ հիւպատոսարանի աշխատակիցները յաճախ հանդիպում կ՛ունենային Տինքի հետ: Նմանատիպ հանդիպումներէն վերջինը եղաւ 14 նոյեմբեր 2006-ին, որուն ընթացքին Տինք հանդիպած էր Միացեալ Նահանգներու Աշխարհի մէջ կրօնի ազատութեան հարցերով յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Տինք ունեցած է շատ հետաքրքրական արտայայտութիւն մը, նշելով, որ պատմական բացասական յուշերու աղբիւրը աւելի շատ ազգայնականութիւնն է, քան կրօնը», Ուաշինկթըն ուղարկուած հեռագիրին մէջ գրած է Տեպորա Ճոնզ` ներկայացնելով Տինքի կողմէ հանդիպումին ընթացքին կատարուած որոշ յայտարարութիւններ:

«Ես որոշ չափով դէմ եմ, որ ազգային փոքրամասնութիւնները դիտուին իբրեւ կրօնական փոքրամասնութիւններ: Հայերը այս հողերուն վրայ ապրած են չորս հազար տարիէ ի վեր: Սակայն ցաւալի է, որ հիմա դարձած են կրօնական համայնք: Ատիկա անընդունելի է: Թուրքիան թուրք հանրութիւնը, որ մեծամասնութիւն կը կազմէ, չի դիտեր իբրեւ կրօնական համայնք: Սակայն փոքրամասնութիւնները կ՛ընկալէ իբրեւ կրօնական համայնքներ: Ասիկա խնդիրներ յառաջ պիտի բերէ:

«Հանրապետութեան հռչակումէն ի վեր, հակառակ անոր, որ ըստ Լոզանի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեան, քաղաքացիները պէտք է հաւասարապէս պաշտպանութիւն վայելեն, Թուրքիա ազգային փոքրամասնութիւնները երբեք չէ դիտած իբրեւ իր քաղաքացիները: 60 հազար հայեր կը շարունակեն ապրիլ իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ: Պետութիւնը հայերուն կը մօտենայ իբրեւ անվտանգութեան սպառնալիք: Սակայն այսօր անոնց թիւը այնքան քիչ է, որ այլեւս սպառնալիք չեն նկատուիր: Թուրքիան առեղծուած իրավիճակը կը փորձէ օգտագործել իր շահերուն համար: Այսօր անգամ համայնքը զուրկ է իրաւունքներէն», ընդհանուր հիւպատոսին համաձայն ըսած է Տինք:

«Մեծ տարբերութիւն կայ այսօրուան Թուրքիոյ եւ 30 տարի առաջուան Թուրքիոյ միջեւ: 30 տարի առաջ Էրպաքանի (նախկին վարչապետ) ժամանակաշրջանին քրիստոնեան թշնամի էր, իսկ Արեւմուտքի ժողովուրդները` կեաւուր: Սակայն այսօր կայ կուսակցութիւն մը, որուն հիմքը կը կազմէ իսլամութիւնը: Վերջինս կ՛ամրապնդէ մեր կապերը Արեւմուտքի հետ: Ատոր հետ մէկտեղ կան ծայրայեղականներ, որոնք, սակայն քիչ դերակատարութիւն ունին», ըսած է Տինք:

Երբ հանդիպումին ընթացքին Տինքին հարցուցած են, թէ ո՛ր կուսակցութիւնն է, որ Թուրքիոյ մէջ կը ներկայացնէ «իրական աշխարհիկութիւնը», Տինք պատասխանած է` Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:

Այն հարցումին, թէ «իբրեւ կրօնական փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ, չէ՞ք վախնար, որ Թուրքիոյ մէջ պիտի սկսի հզօրանալ իսլամական ուղղուածութիւն ունեցող կուսակցութիւնը», Տինք պատասխանած է. «Ո՛չ, չեմ վախնար»:

Իսկ ի պատասխան այն հարցումին, թէ «ինչո՞վ վստահ էք, որ քեմալականութենէն հրաժարելու պարագային Թուրքիոյ մէջ չեն հաստատուիր իսլամական օրէնքի կարգեր», Տինք յայտարարած է. «Ատոր իբրեւ արդիւնք պիտի հաստատուին ոչ թէ իսլամական օրէնքի կարգեր, այլ ժողովրդավարութիւն: Իսկ քեմալականները ժողովրդավար չեն: Քեմալական պետութիւնը զիս դատապարտեց այն բանին համար, որ ես ըսած եմ` հայ եմ»:

Նախորդը

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՑՐՈՒԵՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՑՈՅՑԸ

Յաջորդը

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԱՐԺԱՆԹԻՆԵԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎՃԻՌ ԱՐՁԱԿԵՑ

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.