Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսական Շիֆ Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցները Բացառելու Վերաբերեալ Պոնոյի Յայտարարութիւնը

Մարտ 22, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ատամ Շիֆ նամակ գրած է` դատապարտելով Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Լուի Պոնոյի վերջին յայտարարութիւնները: Վերջինս 8 մարտին շրջան կատարած այցելութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ հիմա «պատժամիջոցներու ժամանակը չէ»:

Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Ատամ Շիֆ ստորագրութիւններ կը հաւաքէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նամակի համար: Նամակի հեղինակները եւ Հայ դատի յանձնախումբը դատապարտելի կը նկատեն այն, որ ամերիկացի պաշտօնատարը բացառած է պատժամիջոցները Ազրպէյճանի դէմ, որ արդէն երեք ամիսէ ի վեր Արցախի մէջ շրջափակման մէջ կը պահէ 120 հազար հայեր: Ըստ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի, ամերիկացի դիւանագէտին կողմէ նման յայտարարութիւն կը հաստատէ, որ երկրի նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը որոշակի գործողութիւններ պիտի չձեռնարկէ Ազրպէյճանի դէմ, եւ Իլհամ Ալիեւ կրնայ շարունակել իր հակահայկական գործողութիւնները:

Շիֆի նախաձեռնած նամակին մէջ, մասնաւորաբար, կ՛ըսուի. «Մենք խորապէս մտահոգուած ենք ուղեւորութեան ընթացքին ձեր մեկնաբանութիւններէն, որոնք կը բացառեն Ազրպէյճանի դէմ տնտեսական եւ դիւանագիտական պատժամիջոցներու կիրարկումը` ի պատասխան անոնց ակնյայտ յարձակումին: Հաղորդուած է, որ դուք յայտարարած էք, որ «պատժամիջոցներու ժամանակը չէ… ատիկա այս պահուն նոյնիսկ քննարկման փուլի մէջ չէ»: Մինչ 120000 անմեղ մարդիկ երրորդ ամիսն է, որ զրկուած են իրենց հիմնական իրաւունքներէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման պատճառով, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը (Համաշխարհային դատարանը) Ազրպէյճանին հրամայած է դադրեցնել, հիմա ժամանակը չէ բացառելու որեւէ գործիքակազմ»:

Նամակին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգները, Միացեալ Նահանգներու նախագահը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ ամբողջ վարչակազմը պէտք է օգտագործեն իրենց տրամադրութեան տակ եղած բոլոր գործիքները` ապահովելու Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, ներառեալ դադրեցնեն ֆինանսական աջակցութիւնը Ազրպէյճանին եւ այդ երկրին դէմ պատժամիջոցներ կիրարկեն:

 

Նախորդը

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Յաջորդը

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ

RelatedPosts

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?