Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի իշխանութիւններուն իրադրութիւնը սրելու նպատակով չօգտուելու Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութեան փաստէն:
«Հայկական կողմը պէտք է վերջ տայ իր տարածքին մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան տեղակայման փաստի չարաշահումին, ինչի նպատակը շրջանին մէջ իրադրութեան սրումն ու սեփական ռազմական սադրանքները քողարկելն է», նշուած է ազրպէյճանական արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ:
«Ազրպէյճանի կողմէ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն դէմ գործադրուող բոլոր սադրանքներուն պատասխանատուութիւնը կը կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի տարածքին մէջ պէտք չէ Երեւանի կողմէ իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումէն հրաժարելու պատճառ դառնայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: