Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի ձերբակալուի, եթէ Գերմանիա այցելէ: Այս մասին կը գրէ գերմանական «Տի Ցայթ» օրաթերթը` մէջբերելով Գերմանիոյ արդարադատութեան նախարար Մարքօ Պուշմանի խօսքերը:
«Ես կ՛ակնկալեմ, որ Միջազգային քրէական դատարանը արագ կապ պիտի հաստատէ Ինթերփոլի հետ, ինչպէս նաեւ պետութիւններու հետ եւ անոնցմէ պիտի խնդրէ կատարել պահանջը: Գերմանիան պարտաւոր պիտի ըլլայ ձերբակալել նախագահ Փութինը, երբ ան մուտք գործէ Գերմանիոյ տարածք եւ զայն յանձնէ Միջազգային քրէական դատարանին», ըսած է նախարարը:
Յիշեցնենք, որ Լա Հէյի միջազգային քրէական դատարանը ուրբաթ օր հրապարակեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ինչպէս նաեւ Երեխաներու իրաւունքներու յանձնակատար Մարիա Լվովա-Պելովայի կալանաւորման միջազգային հրամանագիրներ: Միջազգային քրէական դատարանը բացատրեց, որ Փութինն ու Լվովա-Պելովան կը կասկածուին ուքրանացի երեխաներու Ուքրանիայէն Ռուսիա ապօրինի տեղափոխման մէջ:
Մոսկուա յայտարարած է, որ չի ճանչնար Միջազգային քրէական դատարանի լիազօրութիւնը: