Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Մարտ 20, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 17 մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ յարանուանութիւններու եւ կուսակցութիւններու, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու տնօրէններու, երեսփոխաններու, քաղաքապետերու, նախկին նախարարի, արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու, համազգայնականներու եւ հոծ բազմութեան մը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Շաղիկ Յովսէփեան Յարութիւնեան: Ան նկատել տուաւ, որ  Համազգայինի օրը նշել կը նշանակէ իմաստաւորել անոր բեղուն գործունէութեան երթն ու կարեւորութիւնը, յարգել հիմնադիրները, կրթական ու մշակութային բոլոր մշակներն ու նուիրեալները, նաեւ ունենալ նոր տեսլականներ ու առաքելութիւններ,  նպատակներ ու առաջադրանքներ:

«Հայ ժողովուրդի ճակատագրական նշանակալից մէկ պահուն, 1928 թուականի մայիսին, մտաւորականներէ բաղկացած խումբ մը, որոնց մէջ կը գտնուէին գրող եւ մանկավարժ Լեւոն Շանթ, հրապարակախօս ու քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեան, ինչպէս նաեւ բեմադրիչ ու արուեստի քննադատ` Գասպար Իփէկեան, Գահիրէի մէջ կը հիմնեն Համազգային հրատարակչական ու մշակութային ընկերակցութիւնը` նպատակ ունենալով նոր սերունդին ջամբել  կրթութիւն ու հայեցի դաստիարակութիւն, պահպանել ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները: Այս կորիզն էր, որ յղացաւ իմաստուն միտքը` կազմակերպելու հայ ժողովուրդի մնացորդացը ու այս միաւորման ճամբով ապահովելու սփիւռքի հայ սերունդներու հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքը», ըսաւ Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան, աւելցնելով, որ Համազգայինի աշխատանքը գնահատականներու կարիք երբեք չէ ունեցած: Միութիւնը իր գործունէութիւնը ծաւալելով հիմնականօրէն սփիւռքի տարբեր երկիրներուն մէջ, ապա հասնելով մինչեւ Հայաստան ու Արցախ, ընդմիշտ ծառայացուցած է իր առաջադրանքներու իրագործման, տեւաբար քայլ պահած ժամանակի պահանջներուն, տարիներու ընթացքին ինքզինք կազմակերպած ու, իր ծրագիրները լաւապէս ուսումնասիրելէ ետք, զանոնք կեանքի կոչած ու խօսքը գործի վերածած է:

«Համազգայինը լոկ ծրագիրներ իրականացնող միութիւն մը չէ միայն, այլ` ամէնօրեայ կեանք եւ աշխատանք: Ան իր ուսերուն կրած է ազգի կրթական ու մշակութային պահպանման ու զարգացման յանձնառութիւնը, նոր նուաճումներու ու վերելքի իրագործման հրամայականն ու բեռը: Պատմութիւնը պիտի վկայէ անպայման, որ Համազգայինը` մնալով միշտ երիտասարդ, արժանի կերպով հայակերտման ու հայապահպանութեան ջահակիրն է ու պիտի մնայ այդպիսին դեռ շատ երկար տարիներ», եզրափակեց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան:

Այնուհետեւ «Գուսան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, մեկնաբանեց «Ահա ծագեց կարմիր արեւ», «Չինար  եարի բան ասեմ», «Սիրուն ջան» երգերը, անկէ ետք «Եռեակ»-ը` ջութակի վրայ Արմէն Ճէնտէրէճեան, Սելլայ Սուաքճեան եւ դաշնակ` Վերոնա Ռուսիալեան, մեկնաբանեց երաժշտական կտոր մը, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անդամներէն Զաւէն Պաաքլինիի եւ Անի Պարիկեանի ներկայացուցին Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղէն հատուած մը, միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեան դաշնակի վրայ մեկնաբանեց «Խուժան ազգեար» երգը, իսկ ժողովրդական գործիքներու կատարումով տուտուկ` Գէորգ Քէշիշեան եւ տհոլ` Նարեկ Քէշիշեան մեկնաբանեցին երաժշտական կտոր մը:  Ապա ցուցադրուեցաւ աշխարհի տարածքին Համազգայինի ունեցած գործունէութիւններուն մասին տեսերիզ մը:

Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուած, տարագրուած, անօթեւան եւ անկազմակերպ հայութեան բեկորներու անմխիթար վիճակին բերումով, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան կորուստին պատճառով հայութիւնը` ազգովին կանգնած էր աղէտահար կացութեան մը դիմաց եւ անոր գոյութեան սպառնացող վտանգները օրէ օր կը խորանային ու կ՛արմատանայի՛ն: Ան շեշտեց, որ կար յստակ վարքագիծ` հայութեան ազգային մտածողութիւնը հարուածելու, անոր պահանջատիրական ոգին ջլատելու ու օտար ափերու վրայ մեր ժողովուրդը վերածելու անդիմագիծ հաւաքականութեան ու նախիրի, հետեւաբար պէտք էր անպայման յեղաշրջել հայութեան կեանքը: Բանախօսը նաեւ դիտել տուաւ, որ այդ փուլին պահանջատիրական նոր դիմագիծի դարբնումը  կարեւոր նախադրեալ մը` հայկականութեան, հայոց լեզուի, մշակոյթի ու ինքնութեան պահպանման անյետաձգելի հրամայականը: Նման վիճակի մէջ այս պատասխանատուութիւնն ու յանձնառութիւն ստանձնեցին Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներն ու գործիչները, որոնք որոշեցին հայութեան սպառնացող ձուլման ու հայկականութեան կորուստի թաւալգլոր ընթացքը յեղաշրջել: Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ այս առումով Համազգայինի կողմէ Ճեմարանի հիմնադրութիւնը սփիւռքի մէջ հայութեան վերածնունդն էր, որ կ՛աւետէ՛ր, իսկ հրատարակչական գործի ծաւալումով հայ զանգուածներու մօտ վերազարթօնքի գաղափար կը դարբնէր: Մտաւորականութիւնը կոչուած էր դիմագիծ տալու սփիւռքին, զանգուածները պահելու զգաստ ու սերտօրէն առնչուած մեր իտէալներուն ու տեսլականներուն:

Բանախօսը ըսաւ, որ մեր ժամանակներուն, Հայաստանի վերանկախացումէն անմիջապէս ետք, Համազգայինը դէմ յանդիման կանգնեցաւ պետականութեան կայացման մարտահրաւէրին ու եղաւ առաջինը, որ հայրենիք-սփիւռք կապերու վերաթարմացման, զարգացման ու խորացման համար տուաւ իր կարելին եւ այս մէկը, կրթական ու մշակութային բոլոր բնագաւառներուն եւ ոլորտներուն մէջ:

«Համազգայինը ոչ մէկ ատեն իր անցեալի դրամագլուխով բաւարարուող, անցեալի նուաճումներն ու ձեռքբերումները շեփորահարող շինծու ինքնադրսեւորմամբ կը ծաւալէ իր գործունէութիւնը: Անցեալը Համազգայինի համար կը շարունակէ մնալ յենարան ու փորձառութեան անսպառ աղբիւր, բայց անոր գործելաոճն ու մտածելակերպի վերաթարմացումը միշտ ալ կը յաջողին Համազգայինին դիմաց բանալ ժամանակին հետ համահունչ ընթացող առաքելութեան նոր հորիզոններ», հաստատեց Յակոբ Հաւաթեան` աւելցնելով, որ 95 տարի ետք, ահաւասիկ Համազգայինը կը կանգնի ժողովուրդին դիմաց եւ իր հիմնադիրներու վճռակամութեամբ` նոր ժամանակներու համահունչ եւ վաղուան նոր պայքարին պատրաստ սերունդ կազմաւորելու նուիրական առաքելութեան մէջ կը դնէ ինքզինք եւ հոն է, որ կը տեսնէ իր գոյութեան իմաստն ու նպատակը: Բանախօսը հաստատեց, որ Համազգայինը սաղմնաւորուեցաւ ու կազմաւորուեցաւ հայրենիքի սահմանամերձ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներուն մէջ, անոր կառոյցները ուռճացան ու զարգացան Լիբանանի մէջ եւ կեդրոնատեղին դարձաւ Լիբանանը եւ Լիբանանէն ճառագայթեց անոր համասփիւռքեան, հայաստանեան, արցախեան գործունէութիւնը:

«Համազգայնականը ունի մեծ ու խորախորհուրդ երազ, որ թերեւս կրնայ անհասկնալի ու անբացատրելի թուիլ շատերուն, բայց ան միշտ` զգաստ ու պատրաստ, իր ստեղծագործ աշխատանքը, երգն ու պարը, թատրոնն ու կերպարուեստը եւ իր մշակութային բոլոր արտայայտութիւնները կը կատարէ Արարատի կարօտով ու այդ բոլորը վա՛ղը` Արարատի լանջին իրագործելու անխախտ տեսլականով», եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան:

Բանախօսութենէն ետք մենապարով հանդէս եկաւ Համազգայինի պարուսոյց Ճէնի Քոլոյեան, իսկ «Քնար» պարախումբը ներկայացուց պար մը:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Համազգայինի այս յոբելենական հանդիսութիւնը կը կատարուի հայութեան համար ամէնէն դժնդակ ու օրհասական օրերուն, երբ շրջափակման մէջ է Արցախը, տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներուն տագնապը, հայրենի իշխանութիւնները, բայց մանաւանդ հայրենի ժողովուրդին նկատառելի մասը անտարբեր է արցախահայութեան ճակատագրին նկատմամբ, քաղաքատնտեսական ահռելի տագնապի մէջ են լիբանանահայութիւնն ու հալէպահայութիւնը, տնտեսական դժուարութիւններ, բայց մանաւանդ իւրաքանչիւր սերնդափոխութեան հետ ազգային արժեհամակարգէ հեռանալու եւ ուծանալու վտանգը, առաւել կամ նուազ չափով կը դիմագրաւեն սփիւռքահայ գրեթէ բոլոր գաղութները: Հայախօսութիւնը աղէտալի անկումի մէջ է:

Քէշիշեան ըսաւ, որ այս մարտահրաւէրներու գիտակցութեամբ է, որ Համազգայինը այսօր Լիբանանի մէջ կը սկսի իր  հիմնադրութեան 95-ամեակի համագաղութային հանդիսութիւններու շարքին` հարց տալով, որ միթէ պայմանները աւելի՞ ձեռնտու եղած են 95 տարիներ առաջ, երբ մեր լուսամիտ հիմնադիրները, Համազգայինի հիմնադրմամբ, մտայղացան Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը հաւաքել հայ դպրութեան ու հայ մշակոյթին շուրջ կամ միթէ աւելի՞ ձեռնհաս մարդիկ կային ամէնուրեք, ուր Համազգայինի նոր կառոյց կը հիմնուէր գրեթէ ամէն տեղ, կամ միթէ աւելի՞ խաղաղ ու տնտեսապէս բարւոք էր Լիբանանի քաղաքատնտեսական կացութիւնը, երբ օրուան վարչական պատասխանատուները հիմնադրեցին եւ կառուցեցին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ ապա` «Նիկոլ Աղբալեան» մշակութային կեդրոնները:

«Համազգայինը կեանք է ու կենսակերպ: Համազգայինը հայահաւաք կազմակերպութիւն է, այլ խօսքով` կազմակերպուած հաւաքականութիւն, որուն շուրջ կը հաւաքուին բոլոր անոնք, որոնք որոշած են հայօրէն ապրիլ այս կեանքը, այսինքն համախմբուիլ հայ մշակութային արժէքներուն շուրջ, սերտել եւ իւրացնել զանոնք ու անոնց մտերմութեան մէջ շարունակել ո՛չ միայն ապրիլ, այլ նաեւ` ապրեցնել», հաստատեց Զ. Քէշիշեան` աւելցնելով, որ Համազգայինը առաքելութիւն, նուիրաբերութիւն, յանձնառութիւն եւ երիտասարդութիւն է:

Եզրափակելով իր խօսքը Զաքար  Քէշիշեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով շնորհաւորեց միութեան 95-ամեակի առիթով աշխարհատարած 19 շրջաններու վարչական կառոյցներն ու համազգայնական շարքերը` խոնարհելով յիշատակին առջեւ բոլոր այն համազգայնականներուն, որոնք խոր համոզումով ու նուիրումով համախմբուելով Համազգայինի շուրջ, անոր միջոցով շունչ տուին մեր հաւաքական գոյութեան: Իմաստ ու նշանակութիւն` մեր կրթական ու մշակութային կեանքին:

Այնուհետեւ, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը բեմ հրաւիրեց վաստակաւոր համազգայնականներ Կարօ Յովհաննէսեանը, դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանը եւ Արմէն Ճէնտէրէճեանը եւ զանոնք պարգեւատրեց Համազգայինի շքանշանով: Ան նաեւ յայտնեց, որ նոյն օրը խումբ մը  համազգայնականներով այցելած են լիբանանահայ մտաւորական, գրող, լրագրող եւ մեր հասարակական կեանքին մէջ ներդրում ունեցող Շահանդուխտին, անոր տան մէջ պատուած ենք զայն Համազգայինի շքանշանով:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան գոհունակութեամբ յայտնեց, որ հայ մշակոյթը մեր ցեղի ոգին ապրեցնող զօրութիւն կը պարունակէ իր մէջ` աւելցնելով, որ անցնող 95 տարիներուն այդ ոգին պաշտպանելու եւ տարածելու համար Համազգայինը իր կարելիութիւններուն լաւագոյնը տրամադրեց, որպէսզի հայեցի նկարագիրով յարատեւէ մեր կեանքը, եւ անկասկած համահայկական յարգանքին արժանի է Համազգայինի տարած դժուարին գործը: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ յոբելենական մեծարանքի այս հանդիսութիւնը եզակի առիթ կը ստեղծէ մտածելու նաեւ մեր կառոյցներու մասին, որոնք իրենց երբեմն թերեւս համեստ, այլ սակայն` նուիրեալ աշխատանքով կը շարունակեն անգնահատելի վաստակ զետեղել սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ: Ան յայտնեց, որ 95-ամեակը պատեհութիւն կը ստեղծէ Համազգայինի համար կազմելու իր ապագայ աշխատանքներու յատակագիծը, որ անպայմանօրէն կ՛առնչուի մեր կեանքին եւ իրականութեան, աւելցնելով, որ այսօր պէտք է մտաւորապէս ու հոգեկան առումով դարձեալ դաստիարակել եւ զարգացնել մեր միջավայրը, որպէսզի ազգէն հեռանալու վտանգը տեղ չգտնէ մեր իրականութեան մէջ: Շահէ արք. շեշտեց, որ մեր ժողովուրդը լաւապէս պէտք է ըմբռնէ, թէ առանց ազգային արժէքներու գիտակցութեան վստահաբար պիտի սնանկանանք, նաեւ պէտք է գիտակցինք, թէ ամէն հաւաքականութիւն ու շրջանակ իր ստացած դաստիարակութեամբ եւ իր ունեցած արժէքներով կը վարէ իր կեանքը: «Հայօրէն ապրիլը կ՛ենթադրէ՛ գիտակից կեցուածք, շարունակական ճիգ ու մնայուն յանձնառութիւն: Կ՛աղօթե՛մ, որ իբրեւ կառոյց, իբրեւ առաքելութիւն եւ կոչում` Համազգայինը իր հեղինակութիւնն ու տեղը պահէ մեր կեանքին մէջ, եւ կը մաղթեմ, որ` իր ուխտին հաւատարիմ, ան շարունակէ մեր մէջ պահպանել հարազատն ու ընտիրը ու այդպիսով մեր կեանքը տանի դէպի վերելք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Մէջ

Յաջորդը

Համազգայինի 95-Ամեակ. Սէրուժ Գրաճեան Հմայեց Լիբանանահայութիւնը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?