Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Հողերուն Իրանի Դէմ Օգտագործումը Պիտի Չարտօնենք» Կ՛ըսէ Մուհամետ Պըն Ռաշետ

March 18, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տուպայի կառավարիչ Մուհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթում յայտնեց, որ իր երկրին քաղաքականութիւնը հիմնուած է երրորդ երկիրներուն  «պառակտում յառաջացնելը կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն աշխարհագրութեան (Իրանի դէմ) օգտագործումը» չթոյլատրելու սկզբունքին վրայ: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահը այս մասին յայտարարած է Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ հանդիպումի ընթացքին:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահը շնորհաւորած է Շամխանին Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման վերաբերեալ համաձայնութեան ձեռք բերման համար` նշելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործեն այդ համաձայնութեան գործադրութեան օգնելու համար:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ պըն Զայետ իր կարգին հանդիպում ունեցաւ Շամխանիի հետ: Էմիրաթական ՈՒԱՄ լրատու գործակալութեան համաձայն, քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան հաստատման կարելիութիւնները` ի նպաստ հասարակաց շահերու իրագործման: Անոնք նաեւ քննարկած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային ու միջազգային հարցերն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու գործակցութեան աջակցելու կարեւորութիւնը:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան քարտուղարը նախքան այդ հանդիպում ունեցած էր իր էմիրաթցի պաշտօնակից Թահնուն պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ: Շամխանի յայտնած էր. «Ծոցի երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները ուժեղ խոչընդոտ կը նկատուին շրջանի պետութիւններու տնտեսութեան զարգացման համար եւ ի նպաստ թշնամիներուն են»` նշելով, որ իր այցելութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական, ապահովական ու տնտեսական յարաբերութիւններու նոր փուլի սկսելու ազդանշան է:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս-ՀՄԸՄ Պէյրութ Մրցումը

Յաջորդը

Չինաստանի Նախագահը Յառաջիկայ Շաբաթ Փութինի Հրաւէրով Պիտի Այցելէ Ռուսիա

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.