Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսթին Եւ Շոյկու Քննարկած Են Սեւ Ծովու Օդային Տարածքին Մէջ Տեղի Ունեցած Միջադէպը

Մարտ 17, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 մարտին հեռաձայնով զրուցած են Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Լոյտ Օսթինն ու Սերկէյ Շոյկուն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ռուսական լրատուամիջոցներու համաձայն, զրոյցը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:

Ռուսերը յայտնած են, որ նախարարները անդրադարձած են Սեւ ծովու օդային տարածքին մէջ 14 մարտի առաւօտեան տեղի ունեցած միջադէպին, որուն ընթացքին ռուսական երկու հալածիչներու գործողութիւններու պատճառով ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք ոչնչացուած էր:

Շոյկու իր պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ միջադէպին պատճառը ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի ռուսերու կողմէ սահմանուած թռիչքներու արգիլման գօտի մուտք գործելն է: Ան նաեւ պնդած է. «Խրիմի ափերուն մօտ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքերու յայտնուիլը սադրիչ բնոյթ կը կրէ եւ կը սրէ կացութիւնը»:

Նախարարներու զրոյցէն ետք խնդիրը հեռաձայնով քննարկած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու միացեալ յանձնախումբի նախագահ, զօր. Մարք Միլլի եւ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ զօր. Վալերի Կերասիմով:

15 մարտին նախապէս Փենթակոնը յայտարարած էր, որ միջադէպը տեղի ունեցած է «ռուս օդաչուներու անխոհեմ եւ ոչ արհեստավարժ գործողութիւններուն հետեւանքով»:

Ըստ Փենթակոնի, «ամերիկացիները պիտի շարունակեն Սեւ ծովու միջազգային տարածքին մէջ իրենց թռիչքները»:

 

 

Նախորդը

«Երկիրը Քաղաքացիական Պատերազմի Շեմին Է» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Նախագահը

Յաջորդը

«Ուքրանիան Քիեւի Համար Ոչ Նպաստաւոր Զինուորական Կարեւոր Իրադարձութիւններու Եզրին Է» Կ՛ըսէ Փոլիանսքի

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?