Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ Ասատ-Փութին Հանդիպում

Մարտ 16, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ընդունեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, որ երեքշաբթի օր պաշտօնական այցելութեամբ հասած էր Մոսկուա:

Ասատ յայտնեց, որ անցեալ տարի տեղի ունեցած միջազգային փոփոխութիւնները «մեզմէ կը պահանջեն մեր պատկերացումները յստակացնելու համար հանդիպիլ»` ընդգծելով, որ հանդիպումը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ «նոր փուլի ճամբան պիտի հարթէ»:

Սուրիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց երկրաշարժի հետեւանքներուն վերացման համար ռուսական բանակին «Սուրիոյ տրամադրած մեծ օժանդակութեան» համար, ինչպէս նաեւ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ մեր կողքին կանգնելուն համար»:

Ասատ աւելցուց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Ռուսիան պատերազմի մէջ է, սակայն «անոր կեցուածքը հաստատ է եւ անփոփոխ»: «Սուրիան երախտապարտ է Ռուսիոյ` միջազգային բեմին վրայ իր հաստատ կեցուածքին համար, Սուրիոյ դիրքորոշումը ի նպաստ նոր նացիականներուն եւ նացիներուն դէմ յատուկ գործողութեան է», ըսաւ Սուրիոյ նախագահը:

Ինչ կը վերաբերի սուրիական հողերուն վրայ օտար ուժերու ներկայութեան ան ըսաւ. «աշխարհը կարիքը ունի հաւասարակշռութեան վերականգնման, այլապէս դէպի քանդում ու քայքայում պիտի ուղղուի»: Ասատ նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց ռուս-սուրիական միացեալ յանձնախումբի վերջին աշխատանքին նկատմամբ եւ ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ անոնց հասած արդիւնքը նոր փուլի ճամբան պիտի հարթէ»:

Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին ըսաւ. «Մենք` իբրեւ հաւատարիմ բարեկամներ, օժանդակութիւն կը տրամադրենք երկրաշարժին պատճառով սուրիացի ժողովուրդի տառապանքը թեթեւցնելու համար»:

Փութին նաեւ նշեց, որ հակառակ դժուարութիւններուն, Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները 7 առ հարիւրի աճ արձանագրած են:

Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու հանդիպում ունեցած է իր սուրիացի պաշտօնակիցին հետ եւ քննարկած Սուրիոյ մէջ կացութիւնն ու երկկողմանի զինուորական գործակցութիւնը: Կողմերը ընդգծած են Սուրիոյ կայունութեան պահպանման համար սերտ համագործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Մեկնաբանէ Սեւ Ծովուն Վրայ Ամերիկեան Անօդաչու Թռչող Սարքի Հետ Միջադէպը

Յաջորդը

«Իրանի Մէջ Սէուտական Ներդրումները Շատ Արագ Կրնան Տեղի Ունենալ» Կ՛ըսէ Սէուտական Արաբիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?